2010-06-02 12:28:07

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 2 յունիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն Ս. Պետրոս հրապարակը։

Սրբազան Քահանայապետը, այսօրուայ իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Ս. Թովմաս Ագուինացիի վրայ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Շարունակելով իմ խորհրդածութիւնս Միջին Դարու մեծ աստուածաբաններու մասին այսօրուան խորհրդածութիւնը կը կեդրոնացնեմ ս. Թովմաս Ագուինացիի վրայ։ Ան կոչուած է ''հրեշտակային վարդապետ'' իր մտածողութեան գերազանցութեան, յստակութեան ու սրբակեանց կեանքին համար։

Թովմաս ծնած էր 1224-ին Իտալիոյ Ագուինօ շրջանը։

Ան փոքր հասակին կը բաղձար Տոմենիքեան կրօնաւոր դառնալ։

Աշակերտեց Մեծն սուրբ Ալպերթոսին, որ հետաքային դարձաւ իր մտերիմ բարեկամը։

Արիստոտելի իմաստասիրութիւնը սորվելով Թովմաս փաստեց ներդաշնակութիւնը որ կայ քրիստոնէական հաւատքի ու մտածողութեան միջեւ։ Փարիզի մէջ դասաւանդեց վարդապետական աստուածաբանութիւնը եւ ապա հրապարակեց աստուածաբանական շարք մը գիրքեր որուն գլուխ գործոցը հանդիսացաւ աստուածաբանութեան համառօտագիրքը՝ նշանաւոր հարցադրանքներու հետ միասին։

Թովմասի համար, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, սէրը գլխաւորաբար կը կայանայ մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ բարեկամութեամբ ու անոր բոլոր արարածներուն հետ։ Թովմաս նաեւ յօրինեց ծիսական տաղեր Ս. Հաղորդութեան մասին։ Անոր մեծ խոնարհութիւնը մտածել տուաւ անոր թէ Աստուծոյ մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը անհունօրէն գերազանց են հաւատքի ամէն մտածումէ։ Թովմաս կը յորդորէր քարոզիչները խօսելու ամենայն պարզութեամբ ու բարեպաշտութեամբ։ Մինչեւ իր կեանքին վերջը մտահոգ իր վարդապետութեան ուղղափառութենէն յուզումնալից խօսակցութիւն ունեցաւ Խաչեցեալին հետ, որ իրեն կ'ըսէր. ''Թովմաս` դուն իմ մասիս լաւ խօսեցար, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձատրութիւնդ''։ Սուրբը օրինակելի կերպով պատասխանած էր. ''ուրիշ ոչինչ Տէր, եթէ ոչ Քեզ''։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները խնդրելով անոնցմէ որ աղօթեն յառաջիկայ ուրբաթ օրը Կիպրոս կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան համար, Միջին Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն համար, նոյնպէս խնդրեց որ աղօթեն քահանաներու եւ ժառանգաւորներուն համար։

Թող Տէրը առաջնորդը ըլլայ ձեր կեանքին եւ սրտանց ամէնքդ կ'օրհնեմ(ըսաւ Սրբազան քահանայապետը)։

Սրբազան Քահանայապետին Կոչը Կազայի հարցին ի խնդիր։

Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կոչը ուղղեց Կազայի հարցին ի խնդիր.

՜՜Մեծ վրդովումով ու մտավախութեամբ կը հետեւիմ Կազայի շրջանը տեղի ունեցած ողբերգական դէպքերուն։ Պարտք կը զգամ իմ ցաւակցութիւնս յայտնելու այդ դէպքերու թիրախ զոհերուն։ Անգամ մը եւս կ'ուզեմ ընդգծել թէ բռնութիւնը չի լուծեր հարցերը այլ ընդհակառակն կը սրցնէ ու կ'աճեցնէ ողբերգական հետեւանքները ու նաեւ այլ բռնութիւններու պատճառ կը դառնայ։ Կոչ կ'ուղղեմ քաղաքական տեղացի ու միջազգային բոլոր պատասխանատուներուն որպէսզի շուտով արդար լուծումներ գտնեն երկխօսութեան ճամբով. եւ կեանքի լաւագոյն պայմաններ ստեղծեն շրջանի բոլոր բնակիչներուն, որպէսզի անոնք կարենան ապրիլ ներդաշնակութեամբ ու անդորրութեամբ։ Կը խնդրեմ որ հետս աղօթէք զոհերուն համար, անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու տառապեալներուն համար։ Տէրը` օգնական ըլլայ բոլոր անոնց որոնք անխոնջ կ'աշխատին հաշտութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ վաղը` հինգշաբթի յունիս 3-ին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնն է։ Այս առթիւ Հռոմի ս. Յովհաննէս Լատերանեան տաճարի հրապարակը բացօդեայ պատարագ պիտի մատուցանէ, եւ որուն աւարտին պիտի գլխաւորէ ամենասուրբ հաղորդութեան աւանդական թափօրը մինչեւ Տիրամօր աւագ տաճարը։

Ամէնքդ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այս ծիսակատարութեան, (ըսաւ Սրբազան Հայրը) միասնաբար հռչակելու մեր հաւատքը Քրիստոսին՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.