2010-06-02 12:59:08

Լուրեր հայկական կեանքէն


Փարիզ - Խաչքար՝ Վերսայլի մէջ :

Վերսայլի պալատի այգիին մէջ ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանէն բերուած խաչքարի բացման արարողութիւնը։ Խաչքարը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Մաքսիմ Գէորգեանի աշխատանքի բացումը վըստահուած էր Վերսայլի քաղաքապետ Ֆրանսուա տը Մազիերին, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեանին եւ Շառլ Ազնաւուրին։

Միջոցառման կազմակերպիչ, Հայ վեթերաններու ազգային միութեան նախագահ Անտուան Բաղդիկեանը նշած է, որ խորհրդանշական այս արարքը արդարութեան վերականգնումը կառաջադրէ։

Ա Բաղդիկեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի, որ առաջինն է որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։

ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹԷՈԴԻԿԻ ՏԱՐԵՑՈՅՑԵՐՈՒՆ 1921-Ի ԹԻՒԸ

Եթէ կ'ուզես գուշակել ու տեսնել ժողովուրդի մը ապագան, նայէ անոր երիտասարդութեան, այս մեկնակէտէն ելլելով Փիւնիկ մարդկային պաշարներու զարգացման հիմ՝ Թէոդիկի համբաւաւոր Տարեցոյցներուն հալէպեան վերահրատարակութիւնները կը շարունակուին կանոնաւոր ու կարգապահ հետեւողականութեամբ։ Անցեալ մարտ ամսոյն հրապարակ հանուեցաւ շարքին ԺԵ տարուան հատորը, որ 1921-ի թիւն է։

Ինչպէս ծանօթ է գրասէր հանրութեան, Եղեռնի վերապրող մտաւորականներէն ԹԷոդիկ (Թէոդորոս Լապճինճեան, 1873 Սկիւտար-1928 Փարիզ) իր ՜՜Ամէնուն տարեցոյցըերը՝՝ լոյս ընծայած էր 1907-1929, մեծ մասամբ իր ծննդավայրին՝ Պոլսոյ, իսկ վերջին քանի մը թիւերն ալ՝ եւրոպական ոստաններու մէջ։ Աւելի քան երկու տասնամեակ՝ Թէոդիկ իր անունին հոմանիշ դարձուց այս տարեցոյցները՝ զանոնք կազմելով ու խմբագրելով անօրինակ ձեռնհասութեամբ եւ շատ ճոխ բովանդակութեամբ։ Ան իրաւամբ շահած էր ՜՜Տարեցուցագիտութեան մագիստրոս՝՝ արդար տիտղոսը։

Նորատիպ հատորը կը բաղկանայ 480 էջերէ։ Նախաբանը, զոր ստորագրած է Լեւոն Շառոյեան, պատկերացում մը կու տայ մեզի գիրքին ընդհանուր մթնոլորտին մասին։ Շառոյեան կը յիշեցնէ, թէ 1918-ի զինադադարէն ետք Պոլսոյ մէջ հրատարակուիլ սկսան հայերէն մեծաթիւ տարեգիրքեր, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը կրցաւ հաւասարիլ կամ նմանիլ Թէոդիկի տարեցոյցին, իբրեւ որակ թէ բովանդակութիւն հաւասարապէս։ Յետոյ ան նկատել կու տայ, որ 1921-ի այս հատորը մէկ երրորդ համեմատութեամբ լեցուած է նոյնինքն Թէոդիկի գրչով, որ իր երբեմնի փայլուն աշխատակիցները դժբախտաբար կորսնցուցած էր Մեծ եղեռնին պատճառով ու հիմա ստիպուած էր ապաւինիլ առաւելաբար իր սեփական ուժերուն։ Այնուհանդերձ, նախորդ հատորներուն նման, սքանչելի ժողովածու մը յաջողեր էր պատրաստել ան։

Հատորին մէջ ծանր կը կշռեն 1915-ի Եղեռնին առնչուող նիւթերն ալ։ Վերապրող գրիչներ ցնցիչ վկայութիւններ կու տան այդ մասին։ Իր կարգին, Թէոդիկ եւս բազմաթիւ էջերու մէջ արիւնոտ դրուագներ կը վկայակոչէ այդ սարսափի տարիներէն։

Հատորին վերջին 60 էջերը կը պատկանին ՜՜Յաւելուած՝՝ խորագրեալ բաժնի մը, որ շատ օգտակար գլուխ մըն է, արդիւնք՝ պրպտողական ու բանասիրական թանկագին ծառայութեան մը։ Այս գլուխը գոյութիւն չունի Տարեցոյցին Պոլիս տպուած մայր բնօրինակին մէջ, այլ յա՛տկապէս պատրաստուած է սոյն վերահրատարակութեան առիթով, հալէպաբնակ խմբագրին՝ Լեւոն Շառոյեանի կողմէ։

Հոս, այբբենական անջատ ցանկերով ցուցակագրուած են հատորին մէկ ծայրէն միւսը երեւցող բոլոր անձնանուններն ու տեղանունները անխտիր, հարկաւոր վերծանումներով, կրճատեալ անուն-մականուններու վերականգնումով, տեղագրական անուններուն կցուած բացատրողական նշումներով կամ ճշդումներով։ Ցուցակագրուած են նաեւ յիշատակեալ հայերէն թերթերը, լուսանկարները, յօդուածներու բնոյթին համեմատ՝ ցանկագրուած է տարեցոյցին ամբողջ բովանդակութիւնը։

Կակնկալուի, որ ՜՜Ամէնուն տարեցոյց՝՝ի յաջորդ՝ 1922-ի հատորին վերահրատարակեալ օրինակը լոյսին գայ Յունիսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.