2010-06-02 14:01:25

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԽՆԴԻՐՆԵՐ։
Երէկ Տոնի Ռոսթովի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան, տնտեսական համագործակցութեան եւ մարդասիրական մարզին մէջ կապերու աշխուժացման վերաբերող հարցեր։ Անոնք միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային խնդիրներու վերաբերեալ։ Տիմիթրի Մետվետեւ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց եւրոպացի գործընկերներուն հետ իր քանի մը հանդիպումներու արդիւնքը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ։ Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատեց նման աշխատանքային հանդիպումները եւ կարծիք յայտնեց, որ այդ ձեւաչափը լաւ է։ Հանդիպման ընթացքին կողմերը համաձայնութիւն ձեռք բերին Ռուսիոյ նախագահի այս տարուան օգոստոսին Հայաստան կատարելիք այցելութեան վերաբերեալ։
ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ։
Նախանցեալ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան պաշտօնական այցելութեամբ Քանատա մեկնեցաւ։ Օթթաուայի մէջ նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Քանատայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Քանատայի արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Լորընս Քենընի հետ հանդիպման ընթացքին նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան կարեւոր նշանակութիւն կու տայ Քանատայի հետ բազմաբովանդակ յարաբերութիւններու հետագայ խորացման եւ ամրապնդման։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ կը գործեն քանատական դրամագլուխով շուրջ 20 ընկերութիւններ եւ կարելի է միացեալ ջանքերով անոնց թիւը աւելցնել։ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Քանատայի խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փիթըր Միլիքենի հետ ,ապա Քանատայի քաղաքացիութեան, ներգաղթի եւ բազմա-մշակութայնութեան նախարար Ճէյսըն Քենիի հետ։
ԹՈՒՐ ՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՎԵՐԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱԶԱՅԻ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ։ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄԻ ԱԼԻՔ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին խօսք առնելով բուռն կերպով դատապարտեց ՝՝Ազատութեան Նաւատորմիղին՝՝ դէմ իսրայէլեան յարձակումը։ Էրտողան յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ՝՝Ազատութիւն Նաւատորմիղին՝՝ դէմ իրագործուած այս արիւնալի ջարդը ամէն տեսակի անէծքի արժանի է։ Այս յարձակումը միջազգային օրէնքի, մարդկային խղճի եւ աշխարհի խաղաղութեան դէմ է։ Ան այս յարձակումը ՄԱԿ-ի հիմնական գաղափարի խախտում նկատեց։
Թուրքիոյ վարչապետը Իսրայէլին կոչ ուղղեց անմիջապէս վերացնելու Կազայի շրջափակումը։ Ան ըսաւ, որ օժանդակութիւն փոխադրող նաւերուն վրայ զինեալ յարձակում գործելը, անմեղ մարդիկ սպաննելը եւ քաղաքացիներուն հետ այնպէս վարուիլը, կարծէք ահաբեկիչներ են, այլ բան չեն, եթէ ոչ մարդկութեան նուաստացում եւ չարամիտ անփութութիւն։ Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ այս ամբարտաւան, անպատասխանատու, անփոյթ եւ անարդար յարձակումը, որ մարդկային բոլոր տեսակի արժէքները ոտնահարեց, պէտք է բոլոր միջոցներով պատժուի։Էրտողան միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց իր ոճիրներէն չամչցող կառավարութեան մը սպասելու փոխարէն, հետաքննութեան մը ձեռնարկելու։
Նշենք, որ Արաբական Լիկան երէկ մնայուն պատուիրակներու մակարդակով նիստ մը գումարեց, իսկ այսօր այդ նիստին մակարդակը պիտի բարձրանայ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակին։ Իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը երեքշաբթի օր կոչ ուղղեց դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող նաւատորմիղին դէմ իսրայէլեան յարձակումին շուրջ անկողմնակալ հետաքննութիւն մը կատարելու եւ անմիջապէս ազատ արձակելու բոլոր քաղաքայինները։







All the contents on this site are copyrighted ©.