2010-05-31 14:30:51

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 31 մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երեկոյեան ժամը 9ին կ'եզրափակէ մայիս ամսուան ''մարեմեան ամիսը'' Վատիկանի Լուրտի Տիրամօր նուիրուած քարայրին առջեւ տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Յայտնենք թէ երեկոյեան ժամը ութին Վարդարանի աղօթքը կը կատարուի նախագահութեամբ կարտինալ Անճելօ Գոմասդրիին` գահերէցը Ս. Պետրոս պազելիքայի եւ Քահանայապետի տեղապահը Վատիկան քաղաքին։

Ս. Վարդարանի աղօթքին աւարտին Սրբազան հայրը խօսք պիտի ուղղէ ներկաներուն եւ հուսկ իր առաքելական օրհնութիւնը պիտի տայ։



Քահանայապետական անուանում։

Կարտինալ Մարգ Ուելէ նշանակուած է որպէս յատուկ նուիրակ

Սրբազան Քահանայապետին, գլխաւորելու՝ Գանատայի մեծ ղեկավարի մկրտութեան Դ-դարադարձի հանդիսութիւնները։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց Գեղեքի առաջնորդը կարտինալ Մարգ Ուելէ որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու Գանատայի Մենպերթու Մեծ Ղեկավարի մկրտութեան չորրորդ դարադարձի հանդիսութիւնները որ տեղի պիտի ունենան Շաբել Իսլանտ` Նոր Սքոցիայի մէջ յառաջիկայ մէկ օգոստոս 2010ին։



Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան տիար Ճերճոս Պուլիտեսի մամլոյ ելոյթը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կիպրոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առթիւ։

Դեսպանը մամլոյ ելոյթին ընթացքին մասնաւորապէս կը մատնանշէ թէ յունիսին սկիզբը, (4-6 յունիս), առաջին անգամուան համար Քահանայապետ մը ոտք կը դնէ Կիպրոս։ Ապա ան կ'անդրադառնայ ՜՜թրքական բռնագրաւումին եւրոպական հողի մը, իսլամ աշխարհի հետ կապին, ու երկխօսութիւնը կաթողիկէ-օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ նիւթին։

Կիպրոսի դեսպանին գնահատումով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի այցելութիւնը Կիպրոս պսակումն է Ս. Աթոռի նեցուկին Կիպրոսի դատին ի նպաստ։ Վատիկանի դիւանագիտութիւնը միշտ պաշտպանը եղած է միջազգային օրինաւորութեան եւ ՄԱԿի ու միջազգային այլ մարմիններու հետ միասին կը խնդրէ որ Թուրքիան իր բանակը ետ քաշէ Կիպրոսէն։ Նորին Սրբութիւնը յօժարակամ ընդունեց հրաւէրը հանրապետութեան նախագահին ու օրթոտոքս Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսապետին, այցելելու Կղզին։ Ապա Դեսպանը խօսեցաւ Սրբազան Քահանայապետի Կիպրոս այցելութեան կարեւորութեան մասին համամիութենական գետնի վրայ։ Դեսպանի գնահատումով Կիպրոսի օրթոտքս եկեղեցին կարող է կարեւոր դեր ունենալ համամիութենական գետնի վրայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ։ Իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք Եպիսկոպոսապետ Քրիզոսդոմոս ուզեց հանդիպում ունենալ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Կիպրոսի օրթոտոքս եկեղեցւոյ իր գործօն մասնակցութեամբ՝ համամիութենական երկխօսութեան, ճամբայ բացաւ օրթոտոքս այլ եկեղեցիներու մասնակցութեան, քանի որ լաւ յարաբերութիւններ հաստատած է Մոսկուայի պատրիարքութեան հետ։

Ռատիովատիկանի ընդհանուր տնօրէն յիսուսեան հայր ֆետերիքօ Լոմբարտիի շաբաթական խորհրդածութիւնը.՝՝ ի՞նչու Կիպրոսը՝՝ նիւթին մասին ։

Շատերը հարց կու տան թէ ի՞նչու Սրբազան Քահանայապետը Կիպրոս կը ճամբորդէ հանդիպում ունենալու Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու հետ եւ անոնց յանձնելու յառաջիկայ հոկտեմբերի սիւնոդոսի աշխատանքներու թղթածրարը։ Պատասխանը դիւրին է, բաւարար է կարդալ ''Առաքեալներու Գործեր'' թուղթը, ուր կը պատմուի Աւետարանի քարոզութեան առաջին քայլերը ,Յիսուսի Յարութենէն ետք։ Այդ թուղթին մէջ Կիպրոսը վեց անգամ կը յիշուի։ Բարնաբան, Պօղոսի աշակերտը, առաջինը՝ որ միացաւ Երուսաղէմի առաքեալներու հասարակութեան, Կիպրոսէն էր։ Պօղոս առաքեալի, Բարնաբայի ու Մարկոս աւետարանիչի ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը Կիպրոս հանդիսացաւ։ Պօղոսէն հեռանալով Բարնաբան Կիպրոս կը վերադառնայ Աւետարանը քարոզելու։ Պօղոս առաքեալը իր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին կրկին ու կրկին անգամ կ'անցնի Կիպրոսի ծովեզերքէն, նոյնիսկ իր վերջին կատարած ճամբորդութեան ընթացքին Կիպրոսէն կ'անցնի նախքան ուղղուիլը դէպի Մալթա եւ ապա Հռոմ։

Բաւարար է ակնարկ մը նետել աշխարհագրական կարտեսին հասկնալու համար թէ Կիպրոսը ռազմավարական քառաթեւ մըն է եւ հետեւաբար այդ աշխարհամասի մշակութային ու կրօնական քառաթեւ մըն է։ Կիպրոս սերտօրէն կապուած է Ս. Երկրի պատմութեան։ Այդ վայրէն կ'անցնին հրեայ եւ քրիստոնեայ ուխտաւորները Երուսաղէմ երթալու համար։ Նոյնպէս նաւահանգիստ մըն է Արեւելքի ու Արեւմուտքի, Ասիայի ու Ափրիկէի նաւաստիներուն համար։ Ուստի զարմանալու չէ որ ինչո՞ւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յօժարակամ ընդունեցաւ Կիպրոս երթալ որպէս այցելու եւ որպէս ուխտաւոր։ Այս առաքելական ճամբորդութիւնը կարելի է համարել որպէս շարունակութիւնը Մալթայի ու անցեալ տարի կատարած Ս. Երկրի ճամբորդութիւններուն։

Կիպրոսը հետեւաբար վայրը պիտի հանդիսանայ աղօթքի ու երկխօսութեան Աւետարանի ի սպաս։ Անիկա վայր մըն է շատ սիրելի բոլոր հաւատացեալներուն, հակառակ որ տակաւին ենթակայ է զանազան տեսակի տառապանքներու ու բաժանումի։

Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Կիպրոսի դեսպանը իր լաւատեսութիւնը կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կիպրոս առաքելական այցելութեան մասին։

Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած Կիպրոսի դեսպանը Ժորժ Բուլիտէս մամուլին հետ ունեցած ելոյթով իր լաւատեսութիւնը յայտնած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Կիպրոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին։ Սրբազան Քահանայապետի այս 16րդ ճամբորդութիւնը կարող է խաղաղութիւնը վերահաստելու ու այսպէս Կղզին իր միութիւնը կը վերագտնէ։ Յայտնենք թէ Թուրքիան 1974ին բռնագրաւած է հիւսիսային Կիպրոսը եւ 1983ին ինքնավարութիւն հռչակած է։ Դեսպանը մատնանշեց թէ Սրբազան հայրը Վատիկանի դիւանագիտական մարմնին առջեւ իր արտասանած ճառով մաղթած է որ արդար լուծումներ գտնուին Կիպրոսի հարցին։

Սրբազան Հօր այս այցելութիւնը նաեւ առաջինն է կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու յարաբերութիւններու պատմութեան, որոնք նոր սլացք մը առին իր քահանայապետութեան օրերուն, յայտարարած է Կիրպոսի դեսպանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.