2010-05-31 14:12:41

Մայիս 28ի Հանրապետութեան տօնը Հռոմի մէջ կը յիշուի բացառիկ կերպով

Հռոմի հանրային մէկ պարտէզը կը նուիրուի ''Հայոց ցեղասպանութեան'' յիշատակին։

 


Մայիս 28ի Հանրապետութեան տօնը Հռոմի մէջ կը յիշուի բացառիկ կերպով

Հռոմի հանրային մէկ պարտէզը կը նուիրուի ''Հայոց ցեղասպանութեան'' յիշատակին։



28 Մայիս 2010ի յետմիջօրէի ժամը 4,30ին Հռոմի 15րդ թաղամասի ''Բիացցա Աուկուսթօ Լորէնցինի'' հրապարակի հանրային պարտէզը անուանուեցաւ ''Հայոց Ցեղասպանութեան''։

Յայտնենք թէ Հռոմի քաղաքապետարանը ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի խնդրանքին 3 դեկտեմբեր 2008ի նիստին ընթացքին որոշում առած էր ''Բիացցա Աուկուսթո Լորէնցինի''ի գտնուած պարտէզը անուանել ''Հայոց Ցեղասպանութեան'' յիշատակին։ Երկու տարուայ ուշացումի պատճառը եղած էր Իտալիոյ թրքական դեսպանութեան բանեցուցած ճնշումը եւ մղած հակադարձութեան սպառնալիքները։ Ասով հանդերձ Հռոմի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները վճռած էին յառաջ երթալ եւ ի գործ դնել ստորագրուած որոշումը։ Մայիս 28ի ազգային տօնը' որ կը խորհրդանշէ ՜՜հայոց պայքարն ու յաղթանակը՝՝ եղաւ նաեւ առիթը' հանդիսաւոր բացման արարողութեան։ Բացման խօսքը արտասանեց Հռոմի Հայ Համայնքի անդամ եւ ծագումով Հայ Տիար Էմմանուէլէ Ալիբրանտին որ շեշտը դրաւ Հռոմի քաղաքապետարանի բարեկամութեան, հանդէպ Հայ Համայնքին' յիշեցնելով թէ ինչպէս նոյն քաղաքապետարանը 2006ին Հռոմի կեդրոնական ՜՜Սուրբ Նիկողայոսի անուան Հայոց Եկեղեցւոյ Հրապարակը զետեղած էր ''Մեծ եղեռնի'' նուիրուած յուշաքարը։ Քաղաքապետարանի անունով խօսք առաւ Խորհրդատու Տիար ֆետերիքօ Րօքքան որ գնահատելով Հայ Համայնքի պայքարը ''մոռացութեան եւ անտարբերութեան'' դէմ յայտնեց իր եւ քաղաքապետարանի մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը յայտարարելով թէ ''Մեծ եղեռնը'' անժխտելի իրողութիւն մըն է եւ այս համոզումով է որ Հռոմի քաղաքապետարանը ընդառաջեց Հռոմի Հայ Համայնքի խնդրանքին։ Հուսկ խօսք առաւ Տիար Ռոպեր Աթթարեան' Հայ Համայնքի Փոխ ատենապետը որ շնորհակալութեան իր ուղերձին մէջ ընդգծեց Հռոմի Քաղաքապետարանի ցուցաբերած քաջութիւնն ու բարեկամութիւնը հրաւիրելով ներկաները մասնակցելու յաջորդ հանգրուանին՝ որ պիտի ըլլայ ՜՜նոյն վայրին մէջ զետեղումը յուշակոթողի մը՝՝։

Արարողութիւնը վերջ գտաւ Լեւոնեան Վարժարանի տեսուչ Հայր Թովմաս Կարապետեանի յուշաքարի օրհնութեամբ եւ պահպանիչով։








All the contents on this site are copyrighted ©.