2010-05-30 09:14:05

վատիկանեան տեղեկութիւններ

Երանացում Աստուծոյ աղախին Մարիա ԲԷիեռինա Տէ Միքելիի Հռոմի Տիրամօր աւագ տաճարին մէջ


վատիկանեան տեղեկութիւններ

Երանացում Աստուծոյ աղախին Մարիա ԲԷիեռինա Տէ Միքելիի Հռոմի Տիրամօր աւագ տաճարին մէջ

Կիրակի մայիս 30, Հռոմի Տիրամօր աւագ տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ երանացումը Աստուծոյ աղախին Մարիա ԲԷիեռինա Տէ Միքելիի։ Երանացման արարողութիւնը հանդիսապետեց, յանուն Սրբազան Քահանայապետին, գերապայծառ Անճելօ Ամադօ` կառավարիչը սուրբերու դատի։

Մարիա Բիեռինա Տէ Միքելի ծնած է միլանօ քաղաքը 11 սեպտեմբեր 1890ին։ 16 մայիս 1914ին Անարատ Յղութեան դուստերու վանքը կը մտնէ։ 1919-1921 իր առաքելութիւնը կը կատարէ Պուէնոս Այրես քրիստոնեական դաստիարակութիւն ջամբելով մանուկներուն, ապա Հռոմ կը կանչուի եւ կ'ընտրուի ընդհանուր մեծաւոր մայրը վերոյիշեալ միաբանութեան։ Անոր հոգեւոր կեանքը յատկանշուեցաւ քահանայական կոչումներու համար աղօթելով։ Իրեն համար քահանան տեղապահն է Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմութեան։ Հոգեւորութեամբ խորապէս լեցուն ան Յիսուսի ու Աստուածածնայ տեսիլքներու արժանացած է։ Իր կեանքի վերջին տարիները ապրեցաւ տարածելով Յիսուսի ցաւագին դէմքը։ Իր հոգին աւանդեց 26 յուլիս 1945ին։ Ներկայիս անոր միաբանութիւնը ներկայ է լատինամերիկայի չորս երկիրներու մէջ. Արխենթինա, Պրազիլ, Մեսիքօ եւ Չիլի, նոյնպէս Իտալիա եւ Սպանիա։ Միաբանութեան կոչումն է տարածել ս. Կոյս Մարիամի բարեպաշտութիւնը հիւանդանոցներու, դպրոցներու ու առաքելավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ նոր սերունդին ջամբել քրիստոնեական դաստաիարակութիւն։



Երկուշաբթի մայիս 31 վերջին օրը մարեմեան ամսոյն կարտինալ Անճելօ Գոմասդրին` գահերէցը ս. Պետրոս պազելիքայի եւ Քահանայապետի տեղապահը Վատիկան քաղաքին պիտի գլխաւորէ մարեմեան ս. վարդարանի աղօթք Վատիկանի այգիին մէջ երեկոյեան ժամը 20ին։ Հռոմի հաւատացեալները հրաիւրուած են մասնակցելու մարեմեան աղօթքին եւ որուն աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետը խօսքը պիտի ուղղէ մերկաներուն։



Յունիս ամսուայ աղօթքի ընդհանուր ու միսիոնարական դիտաւորութիւնները։

Յունիս ամսուան համար Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ Աստուծոյ ժողովուրդը աղօթելու հետեւեալ դիտաւորութիւններու համար.

- ընդհանուր դիտաւորութիւն` մարդկային կեանքի յարգանքը - որպէսզի ամէն ազգին ու միազգային հաստատութիւնը յանձն առնէ յարգելու մարդկային կեանքը սաղմէն մինչեւ բնական մահը։

- միսիոնարական դիտաւորութիւն` Ասիայի եկեղեցիները - որպէսզի Ասիայի եկեղեցիները, որ փոքրամասնութիւն մըն են ոչ քրիստոնեայ ժողովուրդներու մէջ, գիտնան ճանչցնել Աւետարանը եւ ուրախութեամբ վկայութիւն տան իրենց յառումը Քրիստոսի։








All the contents on this site are copyrighted ©.