2010-05-30 09:14:36

կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի մայիս 30 տօն Ամենասուրբ Երրորդութեան

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն 14 գլուխշ 15-24 համարները


կիրակնօրեայ աւետարանական ընթերցում

կիրակի մայիս 30 տօն Ամենասուրբ Երրորդութեան

ընթերցում ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն 14 գլուխշ 15-24 համարները



14 Եթէ որեւէ բան խնդրէք իմ անունովս, պիտի ընեմ։

15 Եթէ կը սիրէք զիս՝` պահեցէ՛ք իմ պատուիրաններս։

16 Ես ալ պիտի թախանձեմ Հօրը, եւ ուրիշ Մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան բնակի ձեզի հետ_

17 Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ չի տեսներ զայն ու չի ճանչնար զայն բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ կը բնակի ձեր քով եւ պիտի ըլլայ ձեր մէջ։

18 Ձեզ որբ պիտի չթողում պիտի գամ ձեզի։

19 Քիչ մը ատենէն ետք աշխարհը ա՛լ պիտի չտեսնէ զիս բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ'ապրի՛մ, եւ դո՛ւք [ալ] պիտի ապրիք։

20 Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջ եմ, ու դուք՝` իմ մէջս, ես ալ՝` ձեր մէջ։

21 Ա՛ն որ ունի իմ պատուիրաններս եւ կը պահէ զանոնք, անիկա՛ է զիս սիրողը։ Ա՛ն որ կը սիրէ զիս՝` պիտի սիրուի իմ Հօրմէ՛ս ու ես պիտի սիրեմ զայն, եւ զիս պիտի յայտնեմ անոր։

22 Յուդա (ոչ Իսկարիովտացին) ըսաւ անոր Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ'ըլլայ՝` որ դուն քեզ պիտի յայտնես մեզի, բայց ոչ՝` աշխարհին։

23 Յիսուս պատասխանեց անոր Եթէ մէկը սիրէ զիս՝` պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն եւ պիտի անք անոր ու բնակինք անոր հետ։

24 Ա՛ն որ չի սիրեր զիս՝` չի պահեր իմ խօսքերս։ Այն խօսքը որ կը լսէք՝` իմս չէ, հապա Հօրս՝` որ ղրկեց զիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.