2010-05-29 11:15:46

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Շաբաթ 29 մայիս, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Պօղոս Զ սրահին մէջ ընդունեցաւ Իտալիոյ Մարքէ թեմթմ մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ Յիսուսեան միաբանութեան հայրերը յիսուսեան հայր Մաթթէօ Ռիչիի մահուան չորրորդ դարադարձին առթիւ։ Նշենք թէ հայր Ռիչիին եղած է մեծ առաքեալը Չինաստանի։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Արխենթինայի  ժողովուրդին երկրին անկախութեան եկրորդ դարադարձին առթիւ։
Արխենթինայի յեղափոխութեան եկրորդ դարադարձին առթիւ Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը ուղղած է իր ջերմ մօտիկութիւնը յայտնելով եւ Աստուծմէ խնդրելով որ օրհնէ Արխենթինայի ժողովուրդը, անոր շնորհելով անդորրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ Սրբազան Հօր պատգամը կարդացուեցաւ Լուխանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ։ Մայրաքաղաքի առաջնորդ Կարտինալ Պերկոլիօ իր կարգին խնդրեց երկրի բոլոր ժողովուրդէն իր մասնակցութիւնը բերել երկրի զարգացումին ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.