2010-05-29 11:17:59

Հայկական Լուրեր


Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցը Սարդարապատի յուշահամալիրին
՝Մայիսի 28-ին, Հանրապետութեան օրուայ առիթով, Գարեին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այցելեց Սարդարապատի յուշահամալիր՝` յարգանքի տուրք մատուցելու յանուն Հայոց անկախ պետականութեան զոհուած բազում հայորդիների անմահ յիշատակին։
Յուշահամալիրում Ամենայն Հայոց Հայրապետը եւ ՀՀ նախաահ Սերժ Սարգսեանը ծաղկեպսակներ զետեղեցին, ապա Նորին Սրբութիւնը կատարեց աղօթք Մայիսեան հերոսամարտերին զոհուած հայորդիների հոգիների հանգստութեան համար։
Նոյն օրը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեց Հանրապետական մաղթանք, որի ընթացքում եկեղեցականաց դասը եւ բարեպաշտ հաւատացեալները աղօթք վերառաքեցին առ Բարձրեալն Աստուած՝` աշխարհի խաղաղութեան եւ Հայոց պետականութեան ամրութեան ու անսասանութեան համար։
Հայադարան Համահայկական Նախագիծ
Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքի եւ Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարքի այցելութիւնը նախագահ Տիմիդրի Մետվեւտեւին։ Երկու պատրիարքները կ'աշխատին օրթոտոքս եկեղեցւոյ միութեան համար ու պայքար կը մղեն աշխարհականացումի դէմ։ Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքի գահակալութեամբ նոր էջ մը բացուած է երկու եկեղեցիներու միջեւ։
Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքը գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա Մոսկուայ հասաւ մայիս 22ին։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտրարեց թէ Մոսկուա կու գայ որպէս ուխտաւոր։ Իր կարգին Ռուսիոյ նախագահը որակեց Բարդողոմիոս Բ Պատրիարքին այցելութիւնը որպէս յոյժ կարեւոր օրթոտոքս երկու քոյր եկեղեցիներու ամրապնդումին։ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը իր կարգին Բարդողոմիոս պատրիարքին Ռուսիա ուխտագնացութիւնը որաթկեց որպէս մեծ դէպք մը երկու եկեղեցիներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար։ Մենք կը հաւատացնք, ըսաւ Կիւրեղ պատրիարքը, թէ Տէրը կ'առաջնորդէ մեր քայլերը իր ուզած ճանապարհին վրայ։ Մայիս 24ին երկու պատրիարքները միասին ժամասացութիւն կատարեցին, եւ որունը ընթացքին Կիւրեղ պատրիարքը յայտարաեց թէ մեր այս օրուան հանդիպումով կը զգանք թէ մենք ամէնքս կը պատկանինք միեւնոյն եզակի եւ անբաժան եկեղեցական աւանդութեան։
Դիտողներու գնահատումով Կ.Պոլսոյ պատրիարքի այցելութիւնը Մոսկուա արդիւնքն է երկու եկեղեցիներու միջեւ ստեղծուած ապալարուածութեան։ Կիւրեղ պատրիարքը իր գահակալութենէն ի վեր գործօն աշխատանք կը տանի բարւոգելու կապերը Հռոմի եւ Կ.Պոլսոյ հետ։ Ան յուլիս 2009ին այցելութիւն կատարած էր Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան Իսդանպուլ։ Այս առթիւ երկու պատրիարքները ընդգծեցին կարեւորութիւնը մեկդի դնել տարբերութիւնները եւ միաճակատ ներկայանալ պայքարելու աշխարհականացումի ժխտական երեւոթները։ Յայտնենք թէ Ռուս օրթոտոքս եկեղեցին մեծագոյն օրթոտոքս եկեղեցին է աշխարհի վրայ։ Կ.Պոլսոյ պատրիարքութիւնը կը խորհրդանշէ աշխարհի օրթոտոքս բոլոր եկեղեցիները։



Վատիկանի աստղադիտարանը կը կազմակերպէ ամառնային աստղաֆիզիքական դասընթացք մը։
Մայիս 30-յունիս 25, Վատիկանի աստղադիտարանը կը կազմակերպէ 12րդ ամառնային աստղաֆիզիքական դասընթացքը, որուն կը մասնակցին 24 երկիրներէն եկած 27 ուսանողներ։ Հայաստանը կը ներկայացնէ ուսանողուհի Անահիտ Սամսոնեան։
Ուսանողներուն համար վերոյիշեալ դասընթացքը մեծ առիթ մը պիտի ըլլայ խորացնելու աստղաֆիզիքական ու տիեզերաբանութեան ուսումը։ Այս տարուան նիւթն է ''Տիեզերքի քիմիան'' հստակ կը խօսի։ Դասընթացքը տեսական ու գործնական բնոյթ պիտի ունենայ եւ ուսանողներուն առիթ պիտի տրուի իրարու հետ բարեկամանալու, ինչպէս նաեւ, մէկ ամսուայ կեցութեան ընթացքին, նախատեսուած են պտոյտներ մօտէն ճանչնալու Իտալիոյ պատմագեղարուեստական տեսարժան ու նշանակալից վայրերը ու միաժամանակ դասախօսներու հետ հարուստ փորձարութիւն ունենալու։ Այս ամէնը պիտի կատարուի Վատիկանի աստղադիտարանին մէջ որ կը գտնուի Գասթել Կանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցի այգիին մէջ։
Վատիկանի աստղադիտարանի այս նախաձեռնութիւնը երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուի, հիւրընկալելով, մէկ ամսուան համար, 25-30 աստղագիտութեամբ վկայեալ երկսեռ ուսանողներ, եկած զանազան երկիրներէն, նախընտրութիւնը տալով թերաճ երկրիներու ուսանողներու։
Այս նախաձեռնութեան նպատակն է արժանաւոր ուսանողներուն տալ կարելիութիւնը խորանալու աստղագիրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ յայտնելու Սրբազան Քահանայապետին հոգատարութիւնը հանէպ մարդկային զարգացումին ու Եկեղեցւոյ շահագրգռութիւնը երկխօսութիւն հաստատելու հաւատքի ու գիտութեան միջեւ։
Նշենք թէ Վատիկանի աստղագիտարանը աշխարհի ամենէն հին հաստատութիւններէն մէկն է, կը գտնուի ինչպէս ըսինք Գասթել Կոնտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցի այգիին մէջ, ոչ հեռու Հռոմէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.