2010-05-29 11:04:21

ՀԱՅԱՍԷՐ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ։ Ճէյմս Պրայս (1838-1922). Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայ Դատի Մեծ Բարեկամը Ու Պաշտպանը։


ՀԱՅԱՍԷՐ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ։ Ճէյմս Պրայս (1838-1922). Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայ Դատի Մեծ Բարեկամը Ու Պաշտպանը։

172 տարի առաջ մայիս 10-ին կը ծնէր անգլիացի քաղաքական եւ պետական հռչակաւոր գործիչ՝ իրաւագէտ ու պատմաբան դերկոմս Ճէյմս Պրայս, որ նախակարապետներէն մէկը եղաւ Հայկական Հարցի իրաւական հիմնաւորումին եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական իրաւունքներու միջազգային ճանաչումին։

Ճէյմս Պրայս այն եզակի դէմքն է, որ նախ ականատես եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը պետականօրէն ծրագրելու եւ գործադրելու Թուրքիոյ ցեղասպանական ահաւոր ոճիրին։ Ապա՝ պատմական ճշմարտութիւնը փաստագրական եւ վաւերագրական ամբողջական թղթածրարով մը իրաւագէտի եւ պատմաբանի առարկայականութեամբ հաստատագրեց։ Եւ վերջապէս, բայց կարեւորութեամբ ո՛չ վերջինը, միջազգային տարողութեամբ քաղաքական գնահատումի արժանացուց գործուած ոճիրը՝ իբրեւ Հայաստանի ու հայութեան դէմ պետականօրէն գործադրուած Ցեղասպանութիւն։
Ճէյմս Պրայս 10 Մայիս 1838ին ծնած էր Պելֆասթ (Իրլանտա)։ Պելֆասթի Ակադեմիային եւ Կլասքոյի համալսարանին մէջ ուսանելէ ետք, Պրայս ընդունուեցաւ Օքսֆորտի Թրինիթի Գոլէճը, ուրկէ փայլուն յաջողութեամբ տիրացաւ իրաւաբանի տիտղոսին եւ 1862ին արժանացաւ Օրիէլի (Քինկզ Գոլէճի) աշխատակիցի արքունի եւ ակադեմական բարձր կոչումին։ Քանի մը տարի փաստաբան աշխատեցաւ Լոնտոնի մէջ, բայց 1870ին հրաւիրուեցաւ Օքսֆորտ, իրաւաբանական բաժանմունքի մէջ Քաղաքացիական Օրէնքի դասախօսի պաշտօն ստանձնելու համար։ Իբրեւ այդպիսին՝ Ճէյմս Պրայս մինչեւ 1893 շարունակեց իր պաշտօնավարութիւնը Օքսֆորտի մէջ։ Իրաւաբանութեան կողքին Ճէյմս Պրայս բարձրագոյն ուսման հետեւած էր պատմագիտութեան մէջ եւ 1864ին լոյս ընծայած էր Հռովմէական Սրբազան Կայսրութիւնը անուն իր աշխատասիրութիւնը, որ հմուտ պատմաբանի միջազգային հռչակին արժանացուց երիտասարդ մտաւորականին։

Ճէյմս Պրայս նուիրեալ հնախոյզ էր։ 1872ին ան ճամբորդեց Իսլանտա, որպէսզի գտնէ Իսլանտական Սականերու երկիրը։ Իսկ 1876ին, միեւնոյն հնախոյզի հետաքրքրութեամբ, ան բարձրացաւ Արարատ Լերան գագաթը, ուր գտաւ Նոյեան Տապանի մնացորդ հնագիտական իրեղէններ։ Հնախոյզի եւ պատմաբանի իր հետաքրքրութեամբ, այդ ժամանակէն սկսեալ, Ճէյմս Պրայս ոչ միայն մօտէն ուսումնասիրեց հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան, այլեւ լաւապէս ծանօթացաւ հայ մշակոյթի մեծարժէք ժառանգութեան, դառնալով հայ ժողովուրդի ստեղծած արժէքներուն մեծ հիացող մը եւ Հայաստանի ու հայութեան ազգային ոտնակոխուած իրաւունքներուն հաւատաւոր պաշտպան մը։

Միաժամանակ քաղաքական գործիչ էր Ճէյմս Պրայս, ատենի Ազատական Կուսակցութեան հաւատարիմ անդամ, որ 1880ին առաջին անգամ ընտրուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ՝ Ազատական կուսակցութեան ցուցակով։ Մինչեւ 1907, Պրայս շարունակեց իր անդամակցութիւնը խորհրդարանին գործադիր իշխանութեան մէջ եւս պաշտօններ ստանձնելով։ Յատկապէս Կլատսթոնի վարչապետութեան օրով, Ճէյմս Պրայս հասաւ մինչեւ արտաքին գործոց փոխնախարարի պաշտօնին։ Վարեց նաեւ դեսպանութեան պաշտօններ։ 1907ին ան նշանակուեցաւ Մ. Նահանգներու մօտ Բրիտանիոյ դեսպան եւ այդ պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1913՝ անգլեւամերիկեան երկարամեայ բարեկամութեան եւ գործակցութեան ամուր հիմերը դնելով։ Նոյն շրջանին, տասնամեակներու իր ծառայութեան համար, Պրայս արժանացաւ Էդուըրտ 7-րդ թագաւորի Արժանաւորութեան Կարգին ՝՝Լորտի՝՝ տիտղոս ստանալով եւ 1913ին Լորտերու Պալատին անդամ ընտրուելով։ Երբ սկսաւ Առաջին Աշխարհամարտը, բրիտանական կառավարութիւնը Պրայսի յանձնարարեց Պելճիքայի մէջ գերմանական կայսերական բանակին գործած ոճիրներուն մասին պետական տեղեկագրի մը պատրաստութիւնը, որ 1915ին լոյս տեսաւ Պրայսի Զեկոյց անունով։ Իր այդ դիրքէն եւ միջազգային մեծ վարկի արժանացած եւ յարգանք վայելող պետական գործիչի, իրաւագէտի եւ պատմաբանի հեղինակութեամբ՝ 1915ի Յուլիսին, Պրայս Լորտերու Պալատին մէջ ունեցաւ պատմական իր ելոյթը՝ ահազանգ հնչեցնելով թրքական պետութեան ի գործ դրած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ոճիրին դէմ։ Բրիտանական կառավարութիւնը յանձնարարեց Պրայսի, որ երիտասարդ պատմաբան Արնոլտ Թոյնպիի գործակցութեամբ մանրամաս տեղեկագիր մը պատրաստեն հայերու դէմ գործուած թրքական ջարդերուն մասին։ Պրայս-Թոյնպի երկեակը իր մանրակրկիտ աշխատանքը աւարտեց եւ իբրեւ բրիտանական կառավարութեան Կապոյտ Գիրքը 1916ին լոյս ընծայեց իր հաւաքած փաստաթուղթերուն, վկայութիւններուն եւ քաղաքական արժեւորումներուն արդիւնքը։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն, Պրայս նշանակուեցաւ Լա Հէյի Միջազգային Ատեանի անդամ, մեծ ներդրում ունեցաւ Ազգերու Լիկայի ստեղծման մէջ, բայց յատկապէս Առաջին Աշխարահամարտի աւարտէն ետք Դաշնակիցներու նախաձեռնած խաղաղութեան բանակցութիւններու ընթացքին ջերմօրէն պաշտպանեց հայ ժողովուրդին նկատմամսբ արդարութիւն գործելու անհրաժեշտութիւնը։

Պելֆասթ ծնած պետական-քաղաքական այս մեծ գործիչը, որուն դերկոմս Ճէյմս Պրայս անունը, ներհուն պատմաբանի եւ իրաւագէտի արժանաւորութեամբ, յաւերժ պիտի խորհրդանշէ Հայաստանի եւ Հայ Ժողովուրդի՝ որպէս մեծ բարեկամը ու Հայկական Հարցի յառաջապահ պաշտպանը։







All the contents on this site are copyrighted ©.