2010-05-28 13:32:36

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
Ուրբաթ մայիս 28, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառորդաբար ընդունեց. - Տիար Գոմլանվի Լոքօ` նոր դեսպանը Պենան հանրապետութեան, հաւատարմագրերու ներկայացում։
- Կարտինալ Օգոստինոս Վալլինի` Ընդհանուր տեղապահը Հռոմի թեմին
- Կարտինալ Գլաուտիօ Հիւմմէս կառավարիչը կղերի ժողովի,
- Ապա Սրբազան Հայրը ընդունեց Տիկին Ռենադա Պոլվերինի` նախագահը Իտալիոյ Լացիօ մարզին
- Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Գաղթականութեան ու Թափարաշրջիկութեան հովութեան քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ գումարին մասնակցողները

Քահանայապետական նշանակում
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը վաւերացնէ գաղտիացի նոր եպիսկոպոսին ընտրութիւնը
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր օրհնութիւնը տուած է Իրաքի Գաղտիոյ Էրպիլ թեմի նոր արքեպիսկոպոսի ընտրութեան` յանձին հայր Պաշար Ուարտայի, որ վերջերս ընտրուեցաւ Գաղտիոյ եպիսկոպոսական սիւնոդոսէն։
Հայր Պաշար` եղած է մեծաւորը Էրպիլի դպրեվանքին։ Ան ծնած է Պաղտատ 15 յունիս 1969ին։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 1993ին իր աստուածաբանական ուսումները կատարած է Իրլանատա։ Ան մասնագիտացած է բարոյական աստուածաբանութեան մէջ Պելկիայի Լուվէն համալսարանի մէջ։

Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Սրբազան Քահանայապետը դրամական շտապ օգնութիւն ուղարկած է Լեհաստանի ողողումներու աղետեալներուն։
''Մէկ Սիրտ'' կոչուած քահանայապեատական բարեսիրական մարմինը, պատասխանատու Քահանայապետի մարդասիրական օգնութիւններու, յանուն Սրբազան Հօր, դրամական շտապ օգնութիւն ուղարկած է Լեհաստանի ողողումներու աղետեալներուն։ Արդարեւ ողողումներ պատճառած են 15 մեռեալ եւ բազմահազար մարդիկ արտահան եղած են։ Այս նախաձեռնութեամբ Նորին Սրբութիւնը կ'ուզէ դրսեւորել իր հոգատարութիւնը ու մօտիկութիւնը աղետեալներուն։
Նշենք թէ նման ողբերգութիւն մը 160 տարիէ չէ արձանագրուած երկրին մէջ եւ աւելի քան 2,4 միլիառ էուրօ վնաս պատճառած է։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Արխենթինայի  ժողովուրդին երկրին անկախութեան եկրորդ դարադարձին առթիւ։
Արխենթինայի յեղափոխութեան եկրորդ դարադարձին առթիւ Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը ուղղած է իր ջերմ մօտիկութիւնը յայտնելով եւ Աստուծմէ խնդրելով որ օրհնէ Արխենթինայի ժողովուրդը, անոր շնորհելով անդորրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում։ Սրբազան Հօր պատգամը կարդացուեցաւ Լուխանի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ։ Մայրաքաղաքի առաջնորդ Կարտինալ Պերկոլիօ իր կարգին խնդրեց երկրի բոլոր ժողովուրդէն իր մասնակցութիւնը բերել երկրի զարգացումին ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.