2010-05-28 13:09:05

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։ /a>

1918-ի Մայիս 28-ին, ցերեկուան ժամը 12-ին հռչակուեցաւ Հայաստանի Անկախութիւնը Հայոց Ազգային Խորհուրդին կողմէ, Թիֆլիսի մէջ։ Օրերէ ի վեր թնդանօթը կը գոռար Արարատեան դաշտին վրայ, ուր կը վճռուէր հայութեան ճակատագիրը։ Տարիներով կռուի դաշտին վրայ դափնիներ շահած կամաւոր զինուորներու կողքին դիրք բռնեցին անփորձ, անզէն երիտասարդներ, գաղթականներ, նոյնիսկ կիներ ու աղջիկներ, առանց դասակարգի ու դաւանանքի խտրութեան։ Բոլորն ալ հերոսաբար կուրծք տուին թշնամի կանոնաւոր բանակի գրոհներուն։ Արարատեան դաշտին վրայ առատօրէն թափուած հայկական սուրբ արեան մէջէն է որ ծնաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Վերջապէ՜ս իրականացաւ հայութեան դարաւոր երազը։ Անկա՜խ հայրենիք, մեր նախահայրերու պատմական հողերու մէկ մասին վրայ։ Նախաքայլ մը՝ դէպի ամբողջական, միացեալ Հայաստան։
Սփոփանքի լայն շունչ մը առաւ Հայ Ժողովուրդը՝ աշխարհի քարտէսին մէկ անկիւնը արձանագրուած տեսնելով Հայաստան անունը, հոգ չէ թէ մանր տառերով։ Ի սփիւռս աշխարհ ցրուած հայորդիներու հոգիին մէջ արձագանգ գտաւ հայրենադարձի շեփորը որ կը հնչէր Արարատի ստորոտէն, անկախ հայրենիքի մայրաքաղաքէն։
1968-ին, ճակատամարտի վայրը կառուցուեցաւ Սարդարապատի Հերոսամարտի Յուշահամալիրը, որը կը խորհրդանշէ հայ-թրքական ճակատամարտին հայերու տարած փայլուն յաղթանակը, իսկ Համալիրը գտնուող ազգագրական Թանգարանին մէջ ներկայացուած են Հայոց պատմութիւնը, մշակոյթը, արհեստներն ու կենցաղը՝ հին դարերէն մինչեւ մեր օրերը:

Վան Քաղաքի Բնակիչները Իրենց Տան Դռները Պիտի Բանան Հայ Զբօսաշրջիկներու Առջեւ։
Թուրքիոյ Վան քաղաքի բնակչութիւնը սկսած է մեծ խանդավառութեամբ նախապատրաստուիլ յառաջիկայ սեպտեմբեր 19-ին Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին։ Թրքական Dogan («Տողան») գործակալութեան տեղեկութեամբ ` Վանի Գևաշ շրջանը լոյս տեսնող ՝՝Van Times՝՝ թերթի նախաձեռնութեամբ մեկնարկուած է «Մենք բացում ենք մեր տան դռները Վան ժամանող հայերի առջև» խորագրով արշաւը, որու ծիրէն ներս տեղւոյն բնակիչներուն կոչ ուղղուած է իրենց տուները հիւրընկալելու բոլոր այն հայերը, որոնք սեպտեմբեր 19-ին կը ժամանեն Վան, Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Սուրբ Պատարագին մասնակցելու նպատակով ։ Պարբերականի սեփականատէր Ազիզ Այքաչի խոսքով` ՝՝իրենց նախաձեռնութեան կ՝աջակցին ինչպէս Վանի նահանգապետարանը, նոյնպէս ալ տեղւոյն հասարակական կազմակերպութիւնները: «Կը նախատեսուի որ պատարագին մասնակցելու նպատակով Վան ժամանեն 5 հազար հոգի: Սակայն մենք կ՝ենթադրենք որ այդ թիւը մի քանի անգամ աճի՝՝(ըսած է դեռ Ազիզ Այքաչ) ։
ԷՎԱ ՌԻՎԱՍԸ «ԷՈՒՐՈՎԻԶԻՕՆ 2010» ԵՐԳԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԻՆ ԲԵՄ ՊԻՏԻ ԳԱՅ,ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ։
Երէկ երեկոյան յայտնի եղան ՝՝Էուրովիզիօն 2010՝՝ երգի միջազգային մրցոյթի երկրորդ կիսաեզրափակիչ փուլի յաղթողներու անունները,ընդ որս Հայաստանը որ կը ներկայացուի գեղեցիկ Էվա Ռիվասի կողմէ,իր քով ունենալով դուդուկի մեծ տաղանդաւոր վարպետը Ճիվան Գասպարեանը։ Այսպէս Մայիս 29-ին պիտի մրցին 25 Երկիրներու ներկայացուցիչները։ Այդ օրը Հայաստանի ներկայացուցիչ Էվա Ռիվաս որպէս 21-երորդ մրցորդ բեմ պիտի բարձրանայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.