2010-05-27 12:06:14

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին խօսքը Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին։
Հինգշաբթի մայիս 27, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը մասնակցեաւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ժողովին, որուն աշխատանքները տեղի կ'ունենան Վատիկանի սիւնոդոսական դահլիճին մէջ։
Իր արտասանած ճառով, Սրբազան հայրը, մէջբերեց հոգեգալստեան տօնի Աւետարանը, ուր Յիսուս իր աշակերտներուն կը խոստոնայ ղրկել Մխիթարիչը, Սուրբ Հոգին, զոր Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս։ Պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէն բան, պիտի յիշեցնէ ձեզի ինչ որ ըսած էի ձեզի։ Եղբայրներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Ս. Հոգին կ'առաջնորդէ Եկեղեցին աշխարհի ու պատմութեան մէջ։ Շնորհիւ Յարուցեալի այս պարգեւին, Տէրը ներկայ կը մնայ դէպքերու մէջ, եւ Ս. Հոգւոյ միջոցաւ կարող ենք ճանչնալ Քրիստոսի մէջ մարդկային անցուդարձերը։ Ս. Հոգին Եկեղեցի է, հաղորդութիւն, Ան է որ կը ժողովէ, կը վերանորոգէ ու կը հովուէ մինչեւ կատարումը Արքայութեան։ Դուք ձեր այս տարեկան հաւաքին կանչուած էք խորհրդածելու կեանքի եւ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ հովուական ներգործութեան նիւթերու մասին։ Այս առթիւ կ'ուզեմ իմ հոգեւոր մօտիկութիւնս յայտնել Իտալիոյ համայն ժողովուրդին։
Որպէս գործակիցները Ս. Հոգւոյ, կանչուած էք դաստիարակելու Աստուծոյ ժողովուրդը։ Դաստիարակութիւն բնաւ չէ եղած հեշտ բան մը, սակայն բնաւ յուսահատելու չենք, Տէրը մեզի հրահանգած է արածելու մեզի յանձնուած ոչխարները։
Սիրեցեալ եղբայրներ կը քաջալերեմ ձեզ անվերապահութեամբ ու քաջութեամբ ընթանալու դաստիարակչական դժուար ճանապարհին վրայ։ Ս. Հոգին կ'օգնէ չվհատելու եւ չկորսնցնելու ձեր վստահութիւնը նոր սերունդին վրայ։ Մենք կանչուած ենք ոչ թէ պատշաճեցնելու Աւետարանը աշխարհին այլ ապրիլ Աւետարանը իր միշտատեւ նորութեամբ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ Իտալիոյ Եկեղեցին նոյն վստահութեամբ ու եռանդով շարունակէ իր առաքելութիւնը նպաստելու Իտալիոյ ընկերային ու բարոյական վերելքին։ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափկեց իր աղօթքը բարձրացնելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին որպսզի իր մայրական ներկայութեամբ յոյս տայ Իտալիոյ բոլոր կղերին ու անդորրութիւնը վերահաստատէ փոթորիկէն ետք, որպէսզի ամէն մարդ տեսնէ Տիրոջ փրկութիւնը, որ ունի Յիսուս որպէս անուն։ Ձեզ ամէնքդ կ'օրհնեմ։







All the contents on this site are copyrighted ©.