2010-05-27 12:11:28

Հ Հ Սփիւռքի Նախարարի այցելութիւնը Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարան եւ Մալոյեան Հայ մշակութային կեդրոն։

 


Հ Հ Սփիւռքի Նախարարի այցելութիւնը Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարան եւ Մալոյեան Հայ մշակութային կեդրոն։



Սփիւռքի Նախարար Տիկ Հրանուշ Յակոբեանը ընկերակցութեամբ իտալիոյ մօտ Հայաստանի Դեսպան Տիար Ռուբէն Կարապետեանի 26 մայիսի երեկոյեան ժամը 18,30 այցելութիւն կատարեց Հռոմի Լեւոնեան Հայ Վարժարան ուր հանդիպում ունեցաւ նաեւ հռոմի Հայ Համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։



Լեւոնեան Վարժարանի փոխ տեսուչ Հայր Թովմաս Վարդապետ Կարապետեանի արտասանած բարի գալուստի մաղթանքէն ետք խօսք առաւ Հռոմի առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գառնիկ Մխիթարեանը որ իր կարգին լաւագոյն մաղթանքներ յայտնելով խօսքը թողուց Սփիւռքի Նախարարին։



Տիկին Յակոբեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան ընդհանուր քաղաքականութիւնն ու գործունէութիւնը։ Անոր ստեղծման պատճառները, անոր հետապնդած նպատակակէտը, ընդգծելով յատկապէս մշակուած միքանի կարեւոր համահայկական ձեռնարկներ եւ ծրագիրներ հայապահպանման ի խնդիր։ Բոլոր ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եւ գնահատեցին նախարարի ելոյթը եւ առիթ ունեցան զրուցելու միքանի հարցերու մասին։ Հանդիպումի աւարտին բոլորը ուղղուեցան դէպի Լեւոնեան Վարժարանի մուտքի դահլիճը ուր պատրաստուած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը։



Սփիւրքի Նախարար Տիկ Հրանուշ Յակոբեան իր մեկնումէն առաջ առիթը ունեցաւ այցելելու նաեւ Մալոյեան Մշակութային Հայ Կեդրոնը ուր իր ստորագրութիւնը դրաւ ոսկեմատեանի մէջ, բարձր գնահատելով կեդրոնի եւ մանաւանդ Հռոմի Հայ գաղութի խորհուրդի ժրաջան գործունէութիւնը հայապահպանման ի խնդիր։



Այժմ լսելի կ'ընենք Լեւոնեան Վարժարանի փոխ տեսուչ Հայր Թովմաս Կարապետեանի բարի գալուստի ուղերձը։

RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.