2010-05-26 15:07:34

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀՀ նախագահ Ս.Սարգսեանը Կը Տեսակցի ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ա.Ֆոգ Ռազմուզենի հետ ։
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսե անը Պելկիայի Թագաւորութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս յսօր հանդիպած է ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոգ Ռազմուզենի հետ: Քննարկուած են Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան առնչուղ եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: Վերջին տասնամեակին զգալի առաջընթաց արձանագրած են Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւնները, ապահովելով գործօն երկխոսութիւն ռազմա-քաղաքական ոլորտէ ներս ։Յատկապէս նպաստաւոր կը համարուի Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի իրականացումը, Հայաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի զորավարժութիւններու անցկացումը եւ Հայաստանի ընդլայնուող մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններուն։ ՀՀ նախագահը ըսած է որ Հայաստանը հետեւողականօրեն կը շարունակէ փոխ-գործակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու եւ գործընկեր պետութիւններու հետ համագործակցութեան օրակարգի մէջ ներառնուած բնագավառներով ինչպէս ՝ միջազգային ահաբեկչութեան դեմ պայքարը, սահմաններու պաշտպանութիւնն ու կառավարումը, խաղաղապահ առաքելութիւնը եւ այլք:
Նախագահ Ս.Սարգսեան ընդգծած է ՀՀ զինեալ ուժերու կողմէ իրականացուող բարեփոխումներու գործին Դաշինքի կողմէ ցուցաբերուող օժանդակութեան արդիւնաբերութիւնը : Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլի շուրջ, նաեւ խօսած՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման կասեցուած գործընթացի մասին: ՀՀ նախագահը նշած է որ նախապայմաններ թելադրելով եւ պայմանաւորուած ժամկետերը խախտելով` Թուրքիան վատնած է իր` որպէս բանակցային գործընկերոջ վստահութեան պաշարը:
16 Ռուսեր Արկածի Զոհ՝ Թուրքիոյ Մէջ։
ԱՆԹԱԼԻԱ- Երեքշաբթի, Մայիս 25ին, Անթալիոյ մէջ զբօսաշրջային փոխադրակառքի արկածի մը հետեւանքով մահացած են 16 ռուս զբօսաշրջիկներ, իսկ 25 ուրիշներ՝ վիրաւորուած: Ըստ ոստիկանութեան, վարորդը ղեկին վրայ քնացած է. իբրեւ հետեւանք, փոխադրակառքը 15 մեթր բարձրութեամբ կամուրջէ մը Աքսու գետը ինկած է:
Երգիչ Եւ Երգահան Լեւոն Գաթրճեան Արցախ Կ՛երթայ ։
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ- Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով, աշուղական երգերու յայտնի մեկնաբան, իր կարգին բազմաթիւ երգերու հեղինակ Լեւոն Գաթրճեան Մայիս 30ին կը մեկնի Արցախ, ուր ան ելոյթներ պիտի ունենայ հանրապետութեան տարբեր շրջաններու մէջ:
Գաթրճեանին պիտի ընկերանայ երիտասարդ արուեստագէտ, երաժիշտ Յովիկ Գարոյեան: Գաթրճեանի արցախեան հիւրախաղերուն, երգիչին պիտի ընկերանան «Սայեաթ Նովա» աշուղական երգերու խումբը: Նշենք, որ Գաթրճեան, Յունիս 22ին, հեղինակային համերգով հանդէս պիտի գայ Երեւանի Ֆիլմհարմոնիքի սրահին մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.