2010-05-24 13:24:22

ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՈՒԽՏԻ ՕՐ


ՍՐԲՈՒՀԻ ՌԻԹԱՅԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

Երէկ՝ կիրակի, 23 մայիսին, Սրբուհի Ռիթայի տարեկան ուխտի օրն էր։ Առ այդ Ռաուտայի ուխտատեղիին մէջ կիրակի յետմիջօրէի ժամը 5։00ին մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն յաջորդեց աւանդական նշխարհամբոյրն ու վարդերու օրհնութիւնը։ Ս պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց հայ կաթողիկէ հայոց պատրիարք Ներսէս Պետրոս ԺԹ Թարմունի։ Ան բացատրեց, որ Սրբուհի Ռիթա միշտ Աստուած սեպած է իր հայրը, որմէ կրնայ ամէն ինչ խնդրել եւ ընդունիլ։ Ան աղօթասիրութիւնը սորված է իր ծնողքէն։ Պատրիարքը նկատել տուաւ, որ մեղքը կը բաժնէ, իսկ սուրբ հոգին կը միացնէ՝ աւելցնելով, որ Ս հոգին ներկայ էր Ս Ռիթայի տան մէջ, որովհետեւ ան միշտ կաշխատէր խաղաղութիւն հաստատել իր տան, նաեւ գիւղի մէջ գտնուող հակառակորդ մարդոց միջեւ։ Պէտք է պայքարինք, որ Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի սերմանած հաւատքը չմարի մեր ընտանիքներուն, մեր երիտասարդներուն եւ մեր պատանիներուն մօտ, շեշտեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ առաջին պաշտօնն է քարոզներով մեր ժողովուրդին հասնիլը։ Ան յայտնեց, որ Ս Ռիթա ամբողջ կեանքին մէջ կը փնտռէր Աստուծոյ կամքը զայն կատարելու համար՝ նոյնիսկ եթէ այդ կամքը իր համոզումին հակառակ ըլլար։ Սրբուհի Ռիթա նշանաւոր է իբրեւ անկարելի դատերու սրբուհի կամ անյոյս դատերու փաստաբանը, հաստատեց պատրիարքը՝ աւելցնելով, որ Աստուած հաստատած է բոլոր սուրբերը, որպէսզի մեզի բարի օրինակ հանդիսանան։ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարք նկատել տուաւ, որ այս տարի կը զուգադիպի Ս Ռիթայի սրբացման 110-րդ տարեդարձին, որ տեղի ունեցած էր 24 մայիս, 1900-ին, ձեռամբ Լեւոն ԺԳ սրբազան քահանայապետի։ Թող սրբուհի Ռիթայի սքանչելի կեանքը օրինակ դառնայ բոլորիս իր աղօթասիրութեամբ, ներումով եւ խաղաղասիրութեամբ Թող սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութիւնը ձեր հաւատքին ուժը դառնայ, եզրափակեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ։







All the contents on this site are copyrighted ©.