2010-05-24 13:24:08

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը
երկուշաբթի մայիս 24 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց յաջորդաբար Գոնկոյի հանրապետութեան նախագահը տիար Տենիզ Սասսու եւ ապա Մոլտավիայի ժամանակաւոր նախագահը տիար Կիմբու։
Գոնկոյի հանրապետութիւնը որուն պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, ունի շուրջ 4 միլիոն բնակիչ, որոնց 90 տոկոսը քրիստոնեայ են։ Մինչ Մոլտավիայի 0.5 տոկոսը կաթողիկէ են եւ օրթոտոքսները կը ներկայացնեն բնակչութեան 93 տոկոսը։ 
Մայիս 24 Օգնական Տիրամօր յիշատակն է, հաստատուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն։ 2007ին Չինաստանի ժողովուրդին ուղղած նամակով Սրբազան հայրը կը հաստատէր թէ ամէն տարի մայիս 24ին Քրիստոնեայ աշխարհը հրաւիրուած է աղօթելու Չինաստանի համար։ Արդարեւ այդ թուականը կը զուգադիպի Չինաստանի կաթողիկէներու ուխտագնացութեան օրուան հետ։ Հաւատացեալները վերոյշեալ թուականին ուխտգնացութեան կ'երթան Շանկայի Շեշան մարեմեան սրբավայրը։
Այս առթիւ Գերմանիոյ եպիսկոպոսները խնդրած են քահանաներէն ու հաւատացեալներէն աղօթելու Չինաստանի հաւատացեալներու համար։ Գերմանացի եպիսկոպոսները յոյս կը յայտնեն որ 2010ը տարին նշանակալից դառնայ Չինաստանի հաւատացեալներիուն համար, քանի այս տարին կը ոգեկոչեն չորրորդ դարադարձը Փեքինի առաքեալ` յիսուսեան հայր Մաթթէօ Ռիչիի մահուան, որ տեղի ունեցաւ 11 մայիս 1610ին։ Արդարեւ Շանկայի ֆուտան համալսարանը ''Եերկխօսութեան'' նոր մասնաճիւղ մը բացած է անցեալ 11 մայիսին ''Մեծն Ռիչի''ի անուամբ։

Կիրակի օրը հոգեգալստաեան տօնին Նորին Սրբութիւնը հանդիսաւոր համապատարագ մատուցեց ս. Պետրոս տաճարին մէջ բազմաթիւ կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու հետ։ Հաւատացեալներու աղօթքի դիտաւորութիւնները կարդացուեցան փորթուկալ, գերմանական, ֆրանսական, ռուս եւ չինական լեզուներով։
Ողջլեր Թագուհի, մարեմեան աղօթքին Նորին Սրբութիւնը ս. Պետրոս հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու ուղղած խօսքին մէջ յիշեցուց թէ Եկեղեցին Պենտիկոստէն` Ս. Հոգւոյ գալուստը առաքեալներու վրայ, կը տօնախմբէ Քրիստոսի յարութեան 50 օր ետք։ Մինչ հրեաներու համար Պենտեկոստէի տօ կը վերակոչուի որպէս հրեաներու Ընտրեալ ժողովուրդի օր, քրիստոնեաները Պենտեկոստէին կը վերակոչեն Եկեղեցւոյ ծնունդը` Աստուծոյ նոր Ընտրեալ ժողովուրդ մը, որ կը ներփակէ համայն մարդկութիւնը։ Անիկա տիեզերական նշանակութիւն ունի քանի առաքեալները հրահանք կը ստանան քարոզել Աւետարանը երկրի չորս ծագերու բնակիչներուն։
Հոգեգալուստը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, միշտատեւ կը շարունակէ իր ներգործութիւնը Եկեղեցւոյ վրայ եւ մասնաւորապէս մեծ պահերուն` սիւնոդոսներուն, տեղական թէ ընդհանրական ժողովներուն ու եկեղեցական մեծ հաւաքներուն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց թէ չկայ Պենետեկոստէ մը առանց Ս. Կոյս Մարիամի, ինչպէս կը կարդանք Առաքեալներու Գործերու մէջ ‘'Առաքեալները ամէնքը միասիրտ կը յարատեւէին աղօթքի մէջ եւ Յիսուսի Մօր` Մարիամի հետ''։ Արդարեւ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Տիարամայրը ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ ներկայ է Եկեղեցւոյ մէջ։ Վերջերս ֆաթիմայի մէջ վկայ եղայ Տիրամօր ներկայութեան, ուր անսահման բազմութիւնները մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էինք մեր աղաչանքը ու աղօթքը բարձրացնելու Տիրոջ։ Նոյնը կարելի է ըսել մարեմեան բոլոր սրբավայրերու մէջ, հոն ուր քրիստոնեաները կը համախմբուին Տիրամօր հետ աղօթելու, Տէրը կու տայ իր Հոգին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով մենք եւս հոգւով միանանք Աստուածամօր ու Եկեղեցւոյ հետ եւ հաւատքով հայցենք Ս. Հոգւոյ յղումը մեր վրան եւ մասնաւորապէս քահանաներու վրայ որպէսզի փրկչագործութեան պատգամը հասնի բոլոր մարդոց։







All the contents on this site are copyrighted ©.