2010-05-24 13:24:49

Մարեմեան Խոկումներ


Օրհնեալ Տիրուհիս

Սուրբերու մէջ շատեր ջերմեռանդ էին Ս. Աստուածամօր, բայց ոմանք գերազանցօրէն, որդիական վստահութեամբ լեցուած էին անոր հանդէպ:
Ս. Լէոբոլտոյ կոչուած նոր սուրբն ալ այս վերջիններէն մէկն էր եւ զինք կը կանչէր ”Օրհնեալ Տիրուհի” մակդիրով:
Իր խոստովանարանի սենեակին մէջ Ս. Կոյսին պատկերն ունէր ու զայն կը զարդարէր թարմ ծաղիկներով ու կը ջանար ամէն օր փոխել զանոնք, իբր նշան իր թարմ սիրոյն Տիրամօր հանդէպ:
Յաճախ կը խօսէր անոր մասին եւ կը վերանար պայծառացած դէմքով:
Երբեմն իրեն դիմող հիւանդները Լաթայի Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը ղրկէր, պատուիրելով որ ըսեն.
-Օրհնեալ Տիրուհի, զիս քեզի ղրկեց, Քու ծառադ՝ Հայր Լէոբոլտոյ, բժշկէ զիս:
Եւ Տիրամայրը յուզուած այսքան վստահութենէ, կը բուժէր զանոնք:


Պարոն Անճելոյ կը գրէ.
-Շատոնց հաեռացած էի Աստուծմէ եւ եկեղեցի չէի յաճախեր. Վերջապէս որոշեցի Փատովա երթալ եւ Հայր Լէոբոլտոյի ներկայանալ:
Սիրով ընդունեց զիս, խոստովանցուց, եւ իբր ապաշխարանք տուաւ ”Ողջ լեր Թագուհի” աղօթքը:
-Վարապետ, մոռցեր եմ այդ աղօթքը, բայց պնդեց, չփոխեց զայն:
Քիչ մը շուարած, ելայ խոստովանարանէն ու ծունկի եկայ Աստուածամօր խորանին առջեւ: Յանկարծ ականջիս հասաւ տարօրինակ, անոյշ ձայն մը, որ կը թելադրէր, վանկ առ վանկ, ինծի պարտադրուած աղօթքը: Սկիզբը վրաս դող մը եկաւ, բայց յետոյ քաղցրութիւն մը պատեց հոգիս եւ կրկնեցի ինծի թելադրուած աղօթքը:
Վարդապետի Տիրուհին լրացուց իր ծառային գործը, այդ հոգիին մէջ:
****
Հայր Լէոբոլտոյ 1934ին ուխտի գնաց Լուրտի աշխարհահռչակ սրբատեղին: Տիրուհիէն նորանոր շնորհքներ ստացաւ ու վերադարձին ստոյգ մահէ ազատեցաւ:
Երբ Փատովայի կայարանը հասաւ, իջաւ շոգեկառքէն եւ ուրիշ քահանայի մը հետ ձիերով կառք մը նստաւ վանք երթալու համար:
Երբ Տանդէ փողոցը հասաւ, հանդիպեցան բազմաթիւ կառքերով կազմուած հանրակառքի մը: Հանրակառքի գիծերուն եւ պատին միջեւ անջրպետը այնքան նեղ էր, որ թոյլ չէր տար կառքին անցնիլ քովէն: Ճամբորդները սկսան պոռալ, որ կանգ առնէ, բայց ձին, խրջտած, շարունակեց վազել եւ կառքը… անցաւ անվնաս…
Հանրակառքը եւ ձին կեցան եւ շուտով ժողովուրդը հաւաքուեցաւ եւ զարմացած իրարու կը պատմէին հրաշքը: Կառապանը վկայեց թէ այդ սոսկալի պահուն կարծես պատը մէկդի քաշուեցաւ, որ մենք կարենանք անցնիլ:
Բայց ժողովուրդը, երբ լսեց որ Հայր Լէոբոլտոյ կար կառքին մէջ, սկսաւ ըսել.
-Բան չպատահեցաւ, որովհետեւ Հայր Լէոբոլտոյ կար կառքին մէջ.
Անդին Հայր լէոբոլտոյ ամէնուն դարձած կը գոչէր.
-Ոչ, ոչ, Ս. Աստուածածինն էր մեզ ազատողը, Լուրտէն կը վերադառնայինք. օրհնեալ Տիրուհին փրկեց մեզ:
Այս հրաշքին պատկերը մինչեւ այսօր կը տեսնես Փատովայի վեղարաւորներու վանքին մէջ, ուր ապրած ու գործած է այս սուրբ վարդապետը:







All the contents on this site are copyrighted ©.