2010-05-22 13:47:48

Քաննի 63-րդ Շարժապատկերի Փառատօնին Հայաստանի Ներկայութիւնը։


Քաննի 63-րդ Շարժապատկերի Փառատօնին Հայաստանի Ներկայութիւնը։
Մայիս 12-ին սկսած Քաննի 63-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս գործող ծաւալուն շուկային՝ ներկայացուած է նաեւ Հայաստանը։
Շարժապատկերի աշխարհէն ներս թերեւս ամէնէն հեղինակաւոր փառատօնը այս տարի բացուեցաւ աշխարհի ամէնատարեց բեմադրիչ՝ 101-ամեայ պրազիլցի Մանուէլ տէ Օլիվէյրայի ՝՝Անժելիքայի տարօրինակ դէպքը՝՝ ֆիլմով։ Հանրածանօթ բեմադրիչ Թիմ Պերթընի գլխաւորած դատական կազմին մաս կառնէ նաեւ գանատահայ Ատոմ Էկոյեանը։ Հայաստանը փառատօնի պաշտօնական բաժնին մաս չի կազմեր, սակայն փառատօնի ծիրէն ներս եւ անոր զուգահեռ կազմակերպուող բազմաթիւ ելոյթներուն, Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնը կը ներկայացնէ 8 անիմացիոն, 4 վաւերագրական, 12 նախնական կարգի եւ ուսանողական, 3 խաղարկային կարճամետրաժ եւ 8 խաղարկային լիամետրաժ ֆիլմեր։ Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի տնօրէն Գէորգ Գէորգեանը ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին Քաննէն հեռախօսով փոխանցեց, որ կինոշուկայի մէջ ներկայացուած բազմաթիւ երկիրներու շարքին, Հայաստանի փոքրիկ տաղաւարը այցելուներու պակաս չունի։ Շատերը, իր խօսքով, կայցելեն հայկական տաղաւարը ժամանակակից հայ շարժապատկերին ծանօթանալու նպատակով, իսկ միւսները գործընկերներ կը փնտռեն։ Հայկական տաղաւարէն ներս 30-ից աւելի ֆիլմեր ենք ներկայացրել(ըսած է ան) ։
Հայկական ֆիլմերը ներկայացնելէ յետոյ շատ յաճախ տարբեր փառատօներու մասնակցութեան հրաւէրներ կը ստացուին։ Փառատօնի ծիրէն ներս արդէն տեղի կունենան ֆիլմերու ցուցադրութիւններ եւ արդէն ներկայացւած են երկու հայկական ֆիլմեր՝ Յովհաննէս Գալստեանի ՝՝Խճճուած զուգահեռները՝՝ եւ Սուրէն Բաբայեանի ՝՝Մի նայիր հայելուն՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.