Հինաւուրց, առանձնացած վանքի մը մէջ կրօնաւորները ամէն
օր իրարու կ’անցնէին թանկագին վարդարանը մը, որ ըստ աւանդութեան մը ուղղակի Աստուածամայրը
նուիրած էր սուրբ վանականի մը: Ամէն օր վանական մը այդ վարդարանով կ’աղօթէր 24 ժամ,
որ իրենց մենաստանը պաշտպանուէր աւազակներու դէմ, որոնք անոր չորս կողմը կը շրջէին: Այսպէս
պայմանաւորուած էր Տիրամայրը: Եթէ այդ վարդարանը հեռանար վանքի սահմաններէն, այլեւս Տիրամայրը
պատասխանատու չէր պատահածներուն: Վարդարանի կարգը եկած էր աշխատաւոր եղբօր մը, որ
շատ պարզամիտ էր ու կը զբաղէր խնամելով վանքին ծաղիկները եւ վանքին մուտքը: Ասիկա էր
իր մասնագիտութիւնը եւ ուրախ էր այս պաշտօնով, քանի որ ձեռքէն ուրիշ գործ չէր գար: Իր
կարգին օրը, փոխանակ անընդհատ եւ ամփոփ կերպով աղօթելու, վարդարանը կապային գրպանը դրաւ
եւ գնաց վարդենի մը պատուաստելու: Միտքը դրած էր առանց փուշի վարդեր առաջ բերել: Գործը
աւարտելուն, սենեակը վերադարձաւ, վանքին համար աղօթելու: Բայց փնտռեց, փնտռեց չգտաւ
խորհրդաւոր վարդարանը եւ ոչ ալ միտքը եկաւ թէ ուր դրած էր զայն: Պարտէզ վերադարձաւ եւ
վարդենիին մօտերը փնտռեց: Գուցէ գրպանէն սահած, հոն ինկած ըլլար: Սակայն չգտաւ ու չգտաւ: Ուրիշ
ընելիք չկար, եթէ ոչ Աբբահօր մօտ վազել ու խոստովանիլ իր աններելի անհոգութիւնը: Վանահայրը
վշտացաւ ու տխրեցաւ: Բայց քանի որ կը ճանչնար այդ եղբօր պարզութիւնն ու անմեպութիւնը,
խորհեցաւ, որ Տիրամայրը ճիշտ անոր համար թոյլ պիտի չտար վանքին կործանումը: Գուցէ հարցը
կը փակուէր լաւ ապաշխարանքով մը: Անոր համար տարօրինակ ապաշխարանք մը դրաւ վրան: Ամէն
օր 50 վարդ պիտի քաղէր ”Ողջոյն քեզ” ըսելով եւ ամէն վարդ փրցնելուն, անոր փշալից ճիւղը
ձեռքով պիտի բռնէր: Եղբայրը ընդունեց այս ապաշխարանքը եւ այնպիսի եռանդով կատարեց,
որ Աստուածամայրը հաճեցաւ: Ամէն օր ձեռքերը կ’այրունոտէին եւ ծաղիկները քաղելով կ’աղօթէր:
Եւ բոլոր ջանքը կ’ընէր որ վանքին մէջ երբէք ծաղիկ չպակսէր: Երբ պիտի մեռներ, Տիրամայրը
երեւցաւ իրեն, գովեց իր եռանդը եւ աշխատասիրութիւնը, բայց փափաքեցաւ, որ իրեն նուիրէ
առանց փուշի վարդ մը: Եղբայրը մահացած մնաց: Կարծեց որ Աստուածածինը կը յիշեցնէր իրեն
անցեալ օրերու մարդահաճութիւնը: Բայց եղբօր մահէն քանի մը օր ետք, երբ ուրիշ մը իրեն
յաջորդեց, վարդաստանին մէջ բացառիկ գեղեցկութեամբ վարդենի մը նշմարեց: Մօտեցաւ, տեսաւ
որ անոր ձողունը ոչ մէկ փուշ ունէր ու փափուկ կեղեւ ունէր: Հետաքրքիր, մատները անոր արմատներուն
մէջ խրեց եւ նախ զգաց, յետոյ շօշափեց անոր արմատին փաթթուած վարդարան մը: Բոլոր վանականները
հասկցան այդ պարզամիտ կրօնաւորի վարդարանին գաղտնիքը եւ զայն պահեցին մասունքի մը պէս: