2010-05-22 13:47:38

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


ԷԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԶԵԿՈՒՑՈՒՄԸ ԿԸ ՀԱԿԱՍԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հերքեց ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցներուն տարածած այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, Հայաստանի հետ քննարկում կատարուած է Քելբաջարը եւ Ֆիզուլին յանձնելու գծով, նաեւ՝ նոր առաջարկներ ներկայացուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցով։ Ասիկա բացարձակ սուտ է, իսկ սուտերը մեկնաբանութիւն չեն պահանջեր, ըսաւ նախարարը։

Ան նաեւ անդրադարձաւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ նախանցեալ օր ընդունուած այն բանաձեւին, որուն մէջ կը նշուի, թէ հայկական զօրագունդերը պէտք է դուրս գան ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներէն։ Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերող դրոյթները ոչ մէկ ձեւով համահունչ են Մատրիտեան սկզբունքներուն, Մոսկուայի հռչակագիրին եւ Ակվիլայի յայտարարութեան։ Ըստ անոր, այս շփոթը ստեղծուած է, որովհետեւ Եւրոպական խորհրդարանի այս վերջին զեկուցումը պատրաստողը Ղարաբաղ ու տարածաշրջան չէ այցելած հաւանաբար, չէ խորհրդակցած Եւրոպական միութեան անդամ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ֆրանսայի ներկայացուցիչին հետ։ Այդ պատճառով ալ ան գրած է զեկուցում մը, որ ամբողջովին կը հակասէ Եւրոպական միութեան դիրքորոշման, զոր ներկայացուեցաւ 2009-ին Աթէնքի մէջ, եւ որ համահունչ է Հայաստանի տեսակէտներուն։





23 ՄԱՅԻՍԻՆ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
23 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի պիտի ունենան Ազգային ժողովի ընտրութիւնները։ Համամասնական 17 աթոռներու համար կը պայքարին Ազատ Հայրենիք, Արցախի ժողովրդավարական, Լեռնային Ղարաբաղի համայնավար եւ ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները։ Մեծամասնական ընտրահամակարգով կը նախատեսուին 16 աթոռներ, որոնց համար կը պայքարին 40 թեկնածուներ։
Ընտրութիւնները տեղի կ՚ունենան ժամը 8։00-էն 20։00 (Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակացոյցով), 273 ընտրական կեդրոններու մէջ, որոնցմէ մէկը՝ Երեւանի մէջ։
Ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները կ՚ամփոփուին եւ կը վաւերացուին 24 մայիսին։
Ընտրութիւններուն դիտորդի առաքելութիւն կատարելու նպատակով արդէն Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուին Արժանթինէն, եւրոպական կարգ մը երկիրներէ եւ Հայաստանէն դիտորդներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.