2010-05-21 13:34:42

Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին գործունէութիւնը


21 մայիս 2010 - Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետը այս առաւօտ յաջորդաբար ընդունեց.

Տոմինիքեան Հանրապետութեան նախագահ՝ Լէոնել Անթոնիոյ ֆէրնանտէզը եւ անոր շքախումբը

Ապա տեսակցութիւն ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերդիի հետ։

Ապա նորին սրբութիւնը ընդունեց.

Քահանայապետական միսիոնարական մարմիններու Ընդհանուր ժողովի մասնակցողները ։

Իսկ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց կարտինալ Վիլիամ ժոզէֆ Լէվատան`կառավարիչը Հաւատոյ Ժողովին։

Համերգ մը նուիրուած Մոսկուայի պատրիարքէն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի տարեդարձին առիթով։

Ռուսական մշակոյթի ու հոգեւորութեան երկու օրեր մայիս 19ը եւ 20ը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ

Հասկացողութեան եւ համշերաշխութեան մթնոլորտ մը ստեղուած է Հռոմի ու Մոսկուայի եկեղեցիներու միջեւ։ Արդարեւ մայիս 19ի եւ 20ի մշակութային ու հոգեւորութեան ծրագիրները ապացոյց մըն են բարեկամութեան, համագործակցութեան ու հասկացողութեան կապերու սերտացումին երկու եկեղեցիներու միջեւ։ Մետրապոլիտ Հիլարիոն Հռոմ եկաւ որպէս ներկայացուցիչը Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքին։ Ան նախապէս հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Վալթեր Քասբերի հետ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի, ապա գերապայծառ Ճանֆրանքօ Ռավազիի հետ` նախագահը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին։ Մայիս 19ին, Հռոմի ռուսական կեդրոնի մէջ գիտաժողով գումարուեցաւ ունենալով որպէս նիւթ. ''Օրթոտոքսները եւ Կաթողիկէները այսօրուան Եւրոպային մէջ- քրիստոնէական արմատները եւ մշակութային ժառանգութիւնը արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ։ Մայիս 20ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը նուիրուած Մոսկուայի պատրիարքէն ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քհանայապետին իր ընտրութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ։ Համերգին սկիզբը խօսք առաւ մետրապոլիտ Հիլարիո Ալֆէեւ ու կարդաց Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքի պատգամը ուղղուած Սրբազան Քահանայապետին. ապա ան իր կարգին շնորհաւորեց Սրբազան Հօր տարեդարձը եւ մաղթեց որ մշակոյթը եւ գեղարուեստը իրենց կարգին նպաստեն եկեղեցիներու մօտեցումին ու հասկացողութեան, եւ միասնաբար գործեն Եւրոպայի քրիստոնէացումին որպէս դաշնակիցներ եւ ոչ թէ որպէս մրցակիցներ։

Ապա Ռուսիոյ ազգային նուագախումբը ընկերակցութեամբ Մոսկուայի սիւնոդոսական երգչախումբին նուագեցին ռուս մեծ հեղինակներու գործերը։ Համերգին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած խօսքին մէջ մաղթեց որ քրիստոնեայ Եւրոպան՝ արեւելեան ու արեւմտեան իր երկու թոքերով, նորէն ներշնչէ։ Սրբազան Քահանայապետի գնահատումով ժամանակակից մշակոյթը եւ մասնաւորապէս եւրոպական մշակոյթը, կարճատես եւ մոռացկոտ է իր փառաւոր քրիստոնէական մշակոյթին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ այս բարեկամական հանդիպումը կաթողիկէ եւ ռուս եկեղեցներու միջեւ ներքին հրճուանք կը պատճառէ իրեն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.