2010-05-21 13:54:41

Մարեմեան խոկումներ


Փոմփէի Աստուածամայրը

Ասկէ մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ, երբ մէկը Փոմփէյ քաղաքն այցելէր, ուրիշ բան չէր գտներ եթէ ոչ աւերակոյտ մը, մէկ մասով ծածկուած հողով, իսկ մեծ մասը քարերու կոյտեր:

Քիչ մը հեռուն չորս հինգ տուներ կը կազմէին Փոմփէյի հիվիտին գիւղը, ուր կը թագաւորին խեղճութիւնն ու տգիտութիւնը:

Հոս Տոմինիկեան վարդապետ մը, նպատակ ունենալով քաջալերանք ներշնչել պարզ ու աշխատութենէ տառապող հոգիներուն, հնավաճառէ մը գնեց Տիրամօր նկար մը, որ կ’արժէր միայն չորս լիր: Զայն կախեց գիւղին կիսակործան մատուռին մէջ, որպէսզի արծարծէ Վարդարանի Ս. Կոյսին ջերմեռանդութիւն:

Անոր եռանդուն եւ հոգելից խօսքերը պտղաբերեցին բեղուն սերմերու պէս եւ այնքան բարեպաշտութիւն արթնցուցին, որ քիչ ժամանակի մէջ այդ աղքատիկ մատուռին տեղ կարելի եղաւ կանգնել սքանչելի Սրբատեղի մը:

Հազարաւոր ուխտաւորներ Փոմփէյ վազեցին, ոչ այլեւս միայն անոր պատմական աւերակները տեսնելու, այլեւ Վարդարնի Աստուածամօրմէ շնորհքներ խնդրելու համար:

Եւ Փոմփէյի Տիրամօր ջերմեռանդութիւնը տարածուեցաւ ոչ միայն Իտալիոյ, այլ բոլոր աշխարհի վրայ:

Անոր հրաշքները անթիւ են: Փոմփէյի Տիրամօր պատկերները ամէնուրէք շնորհքներ կը տեղացնեն եւ ամէն իննօրեայ իր հրաշալի պտուղը կը բերէ:

Այսպէս Պիզայի մէջ հետեւեալ հրաշքը տեսնուեցաւ:

Երկու գիւղացիներ բժշկական քննութեան համար հիւանդանոց տարած էին իրենց մանչուկը, որու սրունքը երեք տեղէ կոտրած էր: Բժիշկը վճռաբար յայտարարած էր.

-Պէքտ է համոզուիք, որ ձեր զաւակը այլեւս պիտի չկարենայ քալել երբէք:

Սրտներնին կոտրած, մտան Փոմփէյի Աստուածամօր նուիրուած մատրան մը մէջ եւ հետերնին տարած էին իրենց մանչուկը, յատուկ կառքով մը: Եռանդուն եւ հաւատքով աղօթեցին…

Յանկարծ փոքրիկը ոտքի ցատկեց եւ առանց կաղալու քալեց, վազեց իր ծնողներուն գիրկը:

Ասոնք սարսափած, սկսան լալ ուրախութենէն ու գոչեցին.

-Շնորհակալ ենք Տիրամայր, շնորհակալ ենք:

Հիւանդանոցի աւագ բժշկապետը հրաշք յայտարաեց այս անակնկալ բուժումը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.