2010-05-20 13:39:00

Մարեմեան Խոկումներ


Բանակային քահանան



-Թշնամին, - կը պատմէ ենթասպայ Ումբերթոյ Փորինի,- կազմակերպուած յարատեւութեամբ, Թոպրուքի մէջ, գիշեր ցերեկ յանդուգն հրացանաձիգներ կը ղրկէր, որոնք պահուտած ցած բարձունքներու ետին, կը կրակէին մեր վրայ:

Իտալակն հրամանատարութիւնն ալ որդեգրեց այս ռազմավարութիւնը անոնց դիմաց:

Մենք հինգս ալ կամաւորներ էինք: Յիսուն քայլ միասին հանդարտ քալելէ ետք, բաժնուեցանք իրարմէ, մաղթելով կրկին գտնել զիրար:

Ես շուրջ մէկ ժամ զգուշութեամբ քալեցի: Արշալոյսը բացուելու մօտ էր լուսաւոր ծովուն վրայէն: Տեսարանը գեղեցիկ էր:

Օրուան լոյսով յառաջացայ ցամքած առուակի մը հունին ու պառկեցայ չոր անապատին վրայ: Աւազը կիզիչ էր, ձեռքերս անոր մէջ կը խրէին, պաշտուանուած կաշիէ ձեռնոցներով:

Իւրաքանչիւր աղմուկ, որեւէ շարժում կրնար վտանգել կեանքս: Պէտք էր սակայն ուղղութիւնս ճշտել, անոր համար պահ մը գլուխս վերցուցի եւ նայուացքս դարձուցի չորս բոլորս: Միայնութիւն ու լռութիւն: Դարձեալ կծկուեցայ եւ որոշեցի այս դիրքս զինուրական կեդրոնս ընել: Հաւաքեցի աւազի երկու կոյտեր, մէկէն միւսին մէջ շիւղեր զետեղեցի եւ այդ յարմարցուած դիտարանէն զգուշութեամբ կը զննէի:

Ժամերը երկար ու լուռ էին: Յուսահատ կը պատրաստուէի լքել այս ծրագիրս, երբ յանկարծ ճեղքին մէջէն շարժուն բան մը նշմարեցի: Նախ կասկածեցայ, որ կրնար հովէն շարժող աւազի ալիք մը ըլլար, բայց հեռադիտակով անգլիացի զինուորի մը սաղավարտը տեսայ, անքան յստակ ու մօտիկ, որ բնազդաբար ետ քաշուելու շարժումն ըրի:

Անորոշութեան վայրկեան մը ունեցայ, յետոյ կռուողի բնազդս զգացի հոգւոյս մէջ ու հրացանս լարելով նշան առի:

Սպասեցի րոպէ մը, կ’ուզէի գլուխէն հարուածել, որ ցաւատանջ չմեռնէր: Ինք ծռած էր, բայց կռնակը բաց էր: Զէնքս իջեցուց եւ դիտեցի, աւազին մէջ ակօս մը կը բանար, հաւանաբար ծածկուելու համար: Ապա մախաղը խառնեց եւ առարկայ մը դուրս հանեց: Հուսկ գլուխը վերցուց եւ ցցուած կեցաւ, տեսայ իր դեղնագոյն , երիտասարդ գլուխը:

Խիղճ կ’ընէի սպաննելու զինք, որսի անմեղ կենդանիի մը պէս… պարտականութեանս զգացումը ցնցեց զիս. ուղղեցի հրացանս. միեւնոյն ատեն տեսայ, որ երիտասարդ թշնամին ձեռքի վարդարանով խաչակնքեց եւ աչքերը երկինք բարձրացնելով սկսաւ աղօթել:

Աշխարհը մոռցած հեշտակի մը կը նմանէր: Հրացանս ձեռքէս ինկաւ եւ յուզումի դող մը պաշարեց հոգիս:

Ի՞նչպէս կրնայի կրակել Աստուծոյ պաշտօնեայի մը վրայ, որ այնքան հաւատքով Մարիամ Կոյսին կ’աղօթէր:

ձեռքերս իրարու միացուցի, գլուխս ծռեցի ու ես ալ աղօթեցի: Երբ գլուխս վերցուցի, զինուորը չկար արդէն:

Գիշերուան ստուերին հետ բանակավայրս հասայ: Խոր ու հանդարտ քուն մը քաշեցի: Յաջորդ օրը ընդհանուր յարձակում եղաւ. ես արծաթէ մետալի մը արժանացայ:

Իսկ դուն, ազնիւ քահանայ զինուոր, երբէք պիտի չգիտնաս, որ Մարիամի պատճառաւ ազատեցար մահէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.