2010-05-20 13:34:09

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԼՈԻՐԵՐ


  «ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՃԱՆՉՆԱԼԷՆ ԱՆԴԻՆ ՀԱՐԿ Է ԶԱՅՆ ԱՊՐԻԼ» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունելով կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուած Աստուածաշունչի սերտողութեան հետեւող աւելի քան երկու հարիւր կիներ, Արամ Ա կաթողիկոս շեշտեց Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները, արժէքները, սկզբունքները մեր կեանքին տանելու անհրաժեշտութիւնը։ Վեհափառը ըսաւ Չի բաւեր միայն Աստուածաշունչը սերտել չի բաւեր միայն լայն ծանօթութիւններ ունենալ Աստուածաշունչի եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական հաւատքին հետ աղերս ունեցող նիւթերու, դէմքերու ու դէպքերու մասին անհրաժեշտ է, որ քրիստոնէական հաւատքը շաղուի մեր մտածումներուն, մեր գործերուն ու մեր կեանքին հետ։ Հաւատքը տեսութիւն չէ, ոչ ալ զգացում, այլ՝ կեանքի որակ է կեանքը ըմբռնելու եւ ապրելու իւրայատուկ կերպ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոսի ներկայութիւնը։ Եկեղեցւոյ ճամբով Աստուածաշունչի ուսուցումը անհրաժեշտ է սակայն ուսուցման առընթեր եկեղեցին պատգամ մը կը փոխանցէ իր հաւատացեալներուն հետեւելու Քրիստոսին, իրենց կեանքին մէջ թարգմանելով այն արժէքները ու սկզբունքները, որոնք Աստուածաշունչի ճամբով կու գան մեզի։

Ապա վեհափառը անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան։ Հայ եկեղեցին մեզի համար հոգեւոր տուն ըլլալով հանդերձ, նաեւ ազգին տունն է։ Հոգեւորը եւ ազգայինը սերտօրէն շաղախուած են մեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան մէջ։ Այսպէս եղած է մեր եկեղեցին ողջ պատմութեան ընթացքին։ Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել, սակայն անհրաժեշտ է զանոնք զանազանել։ Մեր եկեղեցին շեշտը պէտք է դնէ կրօնականին վրայ՝ վերանորոգ կենսունակութեամբ տարածելով հոգեւոր ու բարոյական արժէքները մեր կեանքին մէջ։ Միաժամանակ սակայն, ան պէտք չէ անտեսէ ազգայինը, միշտ մնալով ջատագով մեր տոհմիկ աւանդութիւններուն, մշակութային արժէքներուն, մեր ազգային իտէալներուն, ընդգծեց Արամ Ա կաթողիկոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.