2010-05-20 13:35:34

Անթիլիասի մայրավանքին մէջ , Իրանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկխօսութեան Դ. համագումար։


Շուրջ տասներկու տարիներ առաջ, Արամ Ա կաթողիկոսին եւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան բաժանմունքի միացեալ նախաձեռնութեամբ, պաշտօնական երկխօսութիւն մը սկսած էր Անթիլիասի եւ Իրանի միջեւ։ Այս ծիրին մէջ, երեք համագումարներ տեղի ունեցած էին Թեհրանի ու Անթիլիասի մէջ։ Յիշեալ համագումարներուն ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձած էին քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան հասարակաց արժէքներուն, մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Չորրորդ համագումարը, կը քննարկէ երիտասարդութեան հետ առնչուած նիւթեր։ Համագումարը կը տեւէ երկու օր։ Իրանի պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Իրանի փոխնախագահ եւ Մշակոյթի ու իսլամական յարաբերութիւններու կեդրոնի նախագահ դոկտ Մեհտի Մուսթաֆաուի։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն իրանահայ թեմերու առաջնորդ սրբազանները, պետական պատգամաւորները, թեմական իշխանութեանց ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու ներկայացուցիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.