2010-05-20 13:31:54

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԻՏԱԼԱՑԻ ԵՐԿՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ։
Այս առաւօտ իտալիոյ ժամով ժամը 10-ին Հռոմի Սանթա Մարիա Տէլիի Անճէլի Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած իտալացի երկու զինուորներու՝ Մասսիմիլիանօ Ռամատու-ի եւ Լուիճի Փասքազիօ-ի յուղարկաւորութիւնը որ գլխաւորեց իտալիոյ զինուորական մատրանապետը Գերապայծառ Բելվի։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ եղաւ հոծ բազմութիւն մը եւ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ճորճօ Նափոլիթանօ ու Վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի։
ՖՐԱՆՍԱՀԱՅԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ ՎԱՒԵՐԱՑՆԵԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԻՆ ՀԱՄԱՐ ՔՐԷԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱՏԵՍՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ։
՝՝Երկիր Մետիա՝՝ կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, 18 մայիսին ֆրանսահայերը բողոքի ցոյց մը կատարած են Ծերակոյտի շէնքին դիմաց՝ Ֆրանսայի ծերակուտականներէն պահանջելով վաւերացնել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագիծը։ 12 հոկտեմբեր 2006-ին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանող օրինագիծը։ Օրէնքի ուժ ստանալու համար անիկա(օրինագիծը) պէտք է վաւերացուի երկրի Ծերակոյտին եւ նախագահին կողմէ։ Օրինագիծը Ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ կը սահմանէ 1 տարուան բանտարկութիւնը կամ 45 հազար էուրոյի տուգանք մը։
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ՍԵՄԻՆ ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութեան,նուիրուած 23 մայիսին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ կապուած հարցերուն։ Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Սերկէյ Նասիբեան այս առնչութեամբ ներկայացուցած է զեկուցում մը։ Նախագահ Բակօ Սահակեան նշած է, որ ընտրութիւնները քաղաքական պատասխանատու իրադարձութիւն են եւ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ամէնէն կարեւոր բաղադրամասերէն։ Ան ընդգծած է, որ անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան հետ միասին ժողովրդավարութիւնը բացառիկ արժէք է։
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԳՈՐԾԱԴՈՒԼ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։
Յունաստանի հանրային սպասարկութիւններու եւ աշխատաւորական ընդհանուր մարզը 24 ժամուան գործադուլ հռչակած է այսօր Հինգշաբթի, ապահովագրական համակարգէն ներս յառաջ մղուած նոր օրէնքներուն դէմ իր հակառակութիւնը յայտնելով։ Աշխատաւորական սենտիքաներու կողմէ յստակ կը դառնայ, թէ անընդունելի են ազգային նոր համակարգով սահմանուած պայմանները, ըստ որոնց աշխատատէրերը իրաւունք պիտի ունենան նոր պաշտօնեաները գործի կանչելու 740 Էուրօ գումարէ նուազ աշխատավարձքով։ Այս համակարգը ի զօրու պիտի դառնայ Յուլիս 1էն սկսեալ։
ՊԱՐԱՔ ՕՊԱՄԱ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԷՆՔ ՄԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ։
Պի.Պի.Սի կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա հաստատեց օրէնք մը, որ կը պարտաւորէ ամերիկեան իշխանութիւնները ուշադրութիւն դարձնելու այն երկիրներու կառավարութիւններուն, որոնք կը ճնշեն մամլոյ ազատութիւնը։ Նոր օրէնքին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պարտաւոր է աշխարհի մէջ մարդկային իրաւանց մասին իր տարեկան զեկուցումին մէջ ներառել մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ մանրամասն տեղեկատուութիւն, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ, թէ օտար երկիրներու կառավարութիւնները ի՛նչ չափով կը խոչընդոտեն մամլոյ ազատութիւնը կամ կօժանդակեն անոր։







All the contents on this site are copyrighted ©.