2010-05-19 13:38:10

ՎԱՏԻԿԱՆԵԱՆ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ


Պատգամ Ասսիզի քաղաքի խաղաղութեան տարեկան քայլարշաւի առիթով

Վատիկնի Պետական քարտուղարը' կարտ Թարջիզիո Պէրթոնէն' յանուն Սրբազան Քահանայապետին' քաջալերական եւ օրհնութեան պատգամ մը յղեց Ասիզիի եպիսկոպոսին ' խաղաղութեան տարեկան քայլարշաւի առիթով։
Գարտինալ Պէրթոնէն իր պատգամին մէջ կը գրէ։ Սրբազան Հայրը այս առիթով կ'ողջունէ բոլոր մասնակցողները եւ կը մաղթէ որ քրիստոնեաներու բարի օրինակը եւ ջանքը նպաստէն ընտանիքներու եւ գործի ծիլէն ներս իսկական խաղաղութեան ի խնդիր հիմնուելով արդարութեան' երկխօսութեան' եւ փոխադարձ յարգանքի' ըլլայ անհատներու ըլլայ հասարակական կեանքէն ներս։
Հայցելով' մարքարէ եւ խաղաղութեան վկայ Ասսիզիի Սուրբ Փրանջեսկոսի բարեխօսութիւնը։
Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան խորհուրդի' պատգամը Վէսախի տօնի առթիւ
Պուտտայականները եւ քրիստոնեաները պէտք է միանան մարդկային ինքնակործանումի դէմ
Վատիկանը կոջ կ'ուղղէ ողջ յարաբերութեան մը համար մարդ արարածին եւ իր շրջապատին միջեւ։
Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան խորհուրդը' Պուտտայականներու յառաջիկայ Վէսախի տօնի առթիւ յղած պատգամին մէջ' շեշտը կը դնէ պայգարելու մարդկային ինքնակործանումի դէմ։

Ներշնջուած Սրբազան Քահանայապետի ''քարիդաս ին վերիդադէ'' ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթէն Քահանայապետական միջեկեղեցական խորհուրդը կը յորդորէ պաշտպանել մարդկային շրջապատը իբրեւ մաս մարդկային արժէքներու։ Եկեղեցին ոչ միայն համաձայն է եւ կ'աշխատի պաշտպանելու' երկիրը՜ ջուրն ու օդը իբր անհատներու սեփականութիւն այլեւ կը քաջալերէ ուրիշներ որ իրենց ջանքերը թափէն պաշտպանելու ու պայգարելու մարդկային ինքնակործումի դէմ։
Այս դիտմամբ կոջ կ'ուղղէն Պուտտայականներուն աշխատելու եկեղեցւոյ հետ միասին ողջ յարաբերութեան մը ի նպաստ մարդ արարածին եւ իր շրջապատին ի խնդիր։
Յիշենք որ Վեսախը Պուտտայականներու ամէնամեծ տօնն է եւ կը յիշատակէ Պուտտայի կեանքի կարեւորագույն դեպքերը։ Ան կը տօնուի լուսնոյ վեցերորդ ամսուայ լիալուսնի օրը արարողութիւններով եւ թափորներով Տաճարներու շուրջ։ այս տարի կը զուգադիպի 21 էն 28 մայիսի միջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.