2010-05-19 13:46:18

Մարեմեան Խոկումներ


Ս. Կոյսի աճպարարը

Շատ վարպետ աճպարար մը, վտանգաւոր խաղի մը ժամանակ վիզին վրայ ինկաւ եւ քիչ մնաց որ մեռնէր: Խորհեցաւ որ եթէ այդ հարուածին տակ մեռնէր՝ ծանր մեղքերով, անդիի աշխարհ պիտի երթար եւ դժոխք գահավիժէր, անոր համար ուխտ ըրաւ Աստուածամօր, թողուլ այս ասպարէզը եւ նուիրուիլ Ս. Կոյսին:
Բոլոր գործիքները ծախեց ու պարապ ձեռքով, բայց լեցուն հաւատքով բախեց ամենամօտ վանքին դուռը:
-Տղաս, ըսաւ Աբբահայրը, ի՞նչ կրնաս ընել, ծառայելու համար Աստուծոյ:
-Կրնամ սքանչելի կերպով քալել ձեռքերուս վրայ՝ ոտքերս վեր տնկած, գիտեմ տրաբէզի վրայ վարպետօրէն օրօրուիլ, աղուեսներու ձայնը հանել, եւ զանազան խաղերով ժողովուրդը զուարճացնել:
-Դուն աշխարհ վերադարձիր, տղաս եւ բարի մարդ մը եղիր եւ այս արուեստը շարունակէ: Վանքը քեզի համար չէ:
Բայց աճպարարը իր անոյշ խօսքերով ու արցունքով յաջողեցաւ համոզել վանահօր եւ վանք մտաւ իբր աշխատաւոր եղբայր:
Սակայն վանական հրահանգներու մէջ անճարակ էր, կը նմանէր ջուրէն դուրս ձուկի մը: Ինչ որ ընէր, միւսներուն ըրածին հակառակն էր: Երբ ոտքի կենալ պէտք էր, ինքը կը նստէր. երբ նստելու էր՝ ինք զսպանակի պէս տեղէն կը ցատկէր: Իր ձեւերը ծիծաղելի կը դառանար սուրբ արարողութիւնրու ժամանակ:
Աբբան կանչեց զինք.
-Տղաս, ասկէ ետք դուն սենեակդ կը մնաս արարողութիւններու ատեն:
խեղճ Կակոս, թէեւ վիրաւորուած, բայց խոնարհութեամբ ընդունեց հրամանը:
Կը սպասէր որ կրօնաւորները վերջացնէին ժամերգութիւնը, եկեղեցի երթալու համար:
Հիմա առանձին էր Սուրբ Կոյսին դիմաց կը ցաւէր որ չէր կրնար զինք գովաբանել գրաբար աղօթքով մը:
-Սուրբ Տիրամայր, գոչեց օր մը, ներէ իմ տգիտութեանս: Մանկութեանս ոչ ոք սորվեցուց ինծի լաւ խօսիլ, հաճէ ընդունիլ իմ միակ նուէրս, որ աճապարարութիւնն է. իմ գիտցածս միայն աճպարարութիւն է:
Հանեց վրայի պարեգօրը, շապիկը մէջքին կապեց եւ սկսաւ շրջաններ ընել մատրան մէջ, ցատկել եւ գլխուն վրայ դառնալ:
Հոնկէ անցնող կրօնաւոր մը տեսաւ. զարմանքով նայեցաւ անոր ու վազեց իմացնելու վանահօր: Սա եկաւ ու տեսաւ, որ Կակոս ինքզինքվ կրկեսի հերոսի տեղ դրած էր… կասկածեցաւ որ չար սատանայէն բռնուած էր:
Բայց յանկարծ աճպարարը վտանգաւոր ոստում մը ըրաւ եւ անզգայ ինկաւ խորանին առջեւ:
Աբբային ու կրօնաւորին սիրտը սեղմուեցաւ: Ու տեսան, որ բարեգութ Սուրբ Կոյսը մեղմօրէն ծռեցաւ Կակոսի զգայազուրկ մարմնոյն վրայ եւ մետաքսէ վերարկուին ծայրով հովհահարեց անոր դէմքը:
Այն ատեն Աբբահայրը հասկցաւ, որ առանց զարգացումի, առանց գրաբարի եւ սաղմոսներու ալ կարելի է հաճելի ըլլալ Տիրամօր, միայն թէ մարդ իր սիրտը անոր նուիրէ հաւատքով, պարզութեամբ ու սիրով:
Կակոս նոյն օրը հոգին աւանդեց ու մեծ պատիւներով թաղուեցաւ վանքին գերեզմանատան մէջ:







All the contents on this site are copyrighted ©.