2010-05-19 13:24:33

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ։
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ֆոնտի հայաստանեան տնտեսական առաքելութեան ղեկավար Մարք Լիուսի։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ համագործակցութեան առնչուող եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր։
ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ-ՄԻՒՊԱՐԷՔ ԳԱԳԱԹՆԱԺՈՂՈՎԸ՝ ՀՌՈՄ։
Այս առաւօտ Հռոմի մէջ կայացաւ իտալիա-եգիպտոս միջ-կառավարական երրորդ գագաթնաժողովը ,գլխաւորութեամբ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնիի եւ Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնիւ Միւպարէքի։ Գագաթնաժողովի ընթացքին ստորագրուեցան օրակարգի վրայ գտնուող 15 համաձայնութիւններ՝ ռազմավարական տարբեր մարզերէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու համար։
ՊԱՆՔՈԿԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԻՏԱԼԱՑԻ ՄԸ ։ ֆԱՊԻՕ ԲՕԼԷՆԿԻ։ Իտալացի լրագրող-լուսանկարիչ ֆապիօ Բօլէնկի զոհ գնաց Թայլանտիայի մէջ ի զօրու թաղային բախումներուն ընդ մէջ՜Կարմիր շապիկաւորներուն եւ Բանակին։ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահը Ռէնաթօ Ըսքիֆանի ի լուր այս սպաննութեան յայտնեց իր անձնական ու նաեւ Ծերակոյտի աշխատակցիներու ցաւակցութիւնը,ընդգծելով որ ֆապիօ Բոլէնկի յանուն ճշմարտութեան գործադրած իր արհեստավարժութեան զոհն է։
ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՇԽԱՆԸ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ։
Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-քուէյթեան բարեկամութեան միջխորհրդարանական յանձնախումբի անդամներուն եւ բանակի հրամանատարին կողմէ։ Նախաահ Սլէյման ըսաւ, որ Լիբանան յանձնառու պիտի մնայ միջազգային ամպիոններու վրայ Քուէյթի իրաւունքները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ պիտի պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ պիտի զօրակցի Ծոցի երկիրներու կայունութեան ամրապնդման։ Իր կարգին, Քուէյթի իշխանը հաստատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան կը մնայ մշակութային եւ քաղաքակրթական հեղինակութիւնը, որուն պաշտպանութեան եւ կայունութեան յանձնառու են Քուէյթը եւ Քուէյթի իշխանութիւնը։
Սուպահ իշխանը նշեց, որ Քուէյթ կը զօրակցի Լիբանանի բարգաւաճման եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ իր պաշտօնական այցելութիւնը կը զուգադիպի Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական համախոհութեան եւ կայունութեան։
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԱՍԱՏ - ՀԱՐԻՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ։
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ կէսօրէ ետք Դամասկոսի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները։ Սուրիոյ նախաահական պալատին մէջ նախագահ Ասատ եւ վարչապետ Հարիրի քննարկեցին նաեւ լիբանանեան - սուրիական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած երկկողմանի դրական զարգացումները եւ երկու երկիրներուն ու պետութիւններուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւնները խոչընդոտող բոլոր արգելքները շրջանցելու կարելիութիւնները։
ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԳՈՅԱՑԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՄԵԾ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆՑ ։
Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ հակառակ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Պրազիլի միջեւ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութեան, Թեհրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու իր ջանքերը ո՛չ պիտի դադրեցնէ, ո՛չ ալ դանդաղեցնէ։ Ուաշինկթըն յայտնեց, որ կը շարունակէ մեծապէս մտահոգ ըլլալ Իրանի հիւլէական ծրագիրին առնչութեամբ, հակառակ անոր որ յառաջիկայ հոկտեմբերէն սկսեալ ցած հարստացման ենթարկուած ուրանիումի իրանեան հողամասերէն փոխադրումը դրական քայլ մը կը ներկայացնէ։ Սպիտակ Տան բանբեր Ռոպըրթ Կիպզ նշեց, որ իր երկիրը տեղեակ դարձած է Իրանի մօտ Թուրքիոյ եւ Պրազիլի տարած ջանքերէն, սակայն այս առումով որեւէ առաջարկ պէտք է նախ եւ առաջ ներկայացուի Հիւլէական Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան, միջազգային ընտանիքին կողմէ անոր վերաբերեալ գնահատական տալէ առաջ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան մը գոյացման առնչութեամբ՝ նշելով, որ միջազգային դաշինքները որեւէ երկիր պէտք չէ բացառեն։ Ան ընդգծեց, որ հիւլէական ճարտարագիտութեան տիրանալը առանց բացառութեան բոլոր երկիրներուն իրաւունքն է։ Տաւութօղլու իր խօսքը մեծ պետութեանց ուղղելով յայտնեց, որ եթէ իրանեան հիւլէական ծրագիրէն մտավախութեան շօշափելի պատճառ մը չունիք, մի՛ խօսիք, եւ չենք կրնար պետութիւն մը դատել հիմնուելով անոր պատմութեան վրայ։ Տաւութօղլու վստահեցուց, որ Թուրքիա Թեհրանի հետ ստորագրուած համաձայնութենէն պիտի քաշուի, եթէ Արեւմուտքը Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.