2010-05-18 12:38:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Քահանայապետական անուանում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց կարտինալ Ճիովաննի Պաթիսթա Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին, որպէս իր յատուկ նուիրակը գլխաւորելու Փեռուի Արեքիբա թեմի հաստատման Դ. դարադարձի հանդիսութիւնները, որ տեղի պիտի ունենան 14-18 յուլիս 2010ին։

Գերմանիոյ լիւտերական եկեղեցապետի կոչը աշատասիրելու միացեալ հաղորդագրութիւն մը, ամենասուրբ հաղորդութեան մասին։

Համախոհութեան կարելիութիւն կաթողիկէներու եւ լիւտերականներու միջեւ։

Գերմանացի լիտերական եկեղեցապետ գերապայծառ Ուպեր կոչ ուղղած է կաթողիկէ հռոմէական ու լիտերական եկեղեցիներուն աշխատասիրելու միատեղ վաւերաթուղթ մը ,,Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի միացեալ հաւատքին՝՝ մասին։ Ան իր յայտարարութեան մէջ դիտել տուած է թէ ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը՝՝ վերանորոգումի շրջանին բաժանումի պատճառներէն մէկը եղած է , սակայն վերջին տարիներու բանակցութիւնները երկու եկեղեցիներու միջեւ համախոհութեան հասած են։ Գերմանացի լիւտերական եպիսկոպոսը մատնանշած է որ թէեւ կաթողիկէները եւ բողոքականները տարակարծիկ են եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ քահանայական կարգի մասին, սակայն ՜՜Ամենասուրբ Հաղորդութեան՝՝ մասին միացեալ յայտարարութիւնը պիտի սատարէ ջնջելու շատ մը նախապաշարումներ եւ անհասկացողութիւններ, որ տակաւին կը գոյատեւեն երկու խումբերու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.