2010-05-18 12:52:56

Մարեմեան խոկումներ  


Ալֆոնս Ռաթիզպոն երիտասարդը



Ալֆոնս 27 տարեկան հարուստ հերայ երիտասարդ մըն էր: Յաճախած էր Վոլթէրի անկրօն սրահները,եւ իր տաղանդին եւ հարստութեան համար մեծ համակրանք կը վեյելէր ընկերութեան մէջ:

Իր Թէոդոր եղբայրը քրիստոնեայ դարձած եւ քահանայ օծուած էր:

Արձակուրդի մը առթիւ, ուզեց Իտալիա եւ արեւելք այցելել եւ Հռոմ հանդիպեցաւ: Շրջեցաւ թանգարաններ, եկեղեցիներ եւ հրապարակներ:

Այդ քաղաքին մէջ դպրոցական ընկեր մը ունէր՝ Տէ Պասիէր պարոնը, բարեպաշտ հաւատացեալ մը:

Անոր այցելութեան մը առթիւ, բարեկամը սրտանց խնդրեց, որ վիզէն կախէր Աստուածամօր հրաշագործ մետալը եւ ընդօրինակէր Ս. Բեռնարդոսի աղօթքը. ”Յիշէ ով Մայր բարեգութ”:

Քիչ մը նեղուեցաւ, բայց խորհելով որ Փարիզ վերադարձին ընկերներուն ծիծաղելի բաներ պատմելու նիւթ մը աւելի պիտի ունենար, ընդունեց առաջարկը: Ալֆոնսի ընդօրինակած աղօթքին բառերը քաղցր, մեղմօրօր եղանակի մը պէս մտքին մէջ կը դառանային ու չէին հեռանար:

Կէսօրուան մօտերը, 20 Յունուարին, Ս. Անդէաս եկեղեցին մտաւ, բարեկամին ընկերանալու համար… Պահ մը բարեկամը դուրս ելաւ գործի մը պատճառաւ ու վերադարձին զարմանքով տեսաւ, որ Ալֆոնսը ծնրադիր է, եւ ջերմ արցունքներով ողողուած աչքերով:

Մարդը նոյնը չէր, չէր կրնար խօսիլ, հրաշագործ մետալը կը համբուրէր ու կը դողար: Կը յիշէր իր երիտասարդական ցոփ կեանքը եւ մեղքերու շարանը: Իսկ այժմ կարծես խոր քունէ մը կ’արթննար՝ իր անհաւատութեան թմբիրէն:

Տէ Պասիէր զինք առաջնորդեց մօտակայ տերբեր եկեղեցի մը, ուր սրբակեց ու գիտուն վարդապետ մը կը ճանչնար:

Ռաթիսպոն վիզէն կը հանէ հրաշագործ մետալը, կը համբուրէ զայն, վրայի նկարը ցոյց կու տայ ու կ’ըսէ.

-Ասիկա տեսայ, ասիկա տեսայ:

Յետոյ կը բացատրէ.

-Քանի մը վայրկեանէ ի վեր եկեղեցին էի, երբ յանկարծ ներսէս խռովք մը զգացի, զոր չեմ կրնար նկարագրել: Աչքերս վեր բարձրացուցի: Բոլոր շէնքը աներեւոյթ եղաւ աչքերէս: Աստուածամօր մատրան մէջ հաւաքուած էր ամբողջ լոյսը եւ այդ բոլոր ճաճանչին մէջ ինծի երեւցաւ Կոյս Մարիամը, կանգնած՝ խորանին վրայ, մեծ, փայլուն, լի մեծվայելչութեամբ ու քաղցրութեամբ, ճիշտ մետալի վրայ գտնուածին նման:

Անդիմադրելի ոյժ մը զիս մղեց դէպի Կոյսը: Ան ձեռով նշան ըրաւ ծնրադրելու: Կարծես կ’ըաէր ինծի. –Այսպէս լաւ է: Չխօսեցաւ հետս, բայց ես հասկցայ ամէն ինչ:

Յետոյ Ռաթիզպոն մկրտուեցաւ եւ հաղորդուեցաւ Քրիստոսի մարմնոյն եւ արեան: Քրիստոնէական հաւատքը իր հոգիէն կը բխէր, անուշահոտ պարունակող գեղեցիկ անօթի մը նման: Անիկա Մարիամի բարութեան մոգական բոյրն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.