2010-05-17 14:10:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան տեղեկութիւններ։


Երկուշաբթի 17 մայիս 2010. Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաջորդաբար ընդունեց

Տիար Էվօ Մորալես Այմա` նախագահը Պոլիվիայաի եւ անոր կողակիցը

Կարտինալ Անճելօ Պանիասքօ`Ճենովա թեմի առաջնորդը եւ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին,

կարտինալ Բեդեր Էրտօ`Հունգարիոյ Պուտաբեշտ թեմի առաջնորդը եւ նախագահը եւրոպայի եպիսկիոպոսական խորհուրդին։ Անոր կ'ընկերանայինն վերոյիշեալ խորհուրդի փոխ նախագահները. խրուաթ կարտինալ Պոզանիչ եւ ֆրանսացի կարտինալ Ռիգար։

Կիրակի մայիս 23, տօն Հոգեգալստեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը գլխաւորէ հանդիսաւոր ս. պատարագը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Ս. Զոհին հրաւիրուած են Հռոմ թեմի հաւատացեալները եւ յաւիտենական քաղաքը այցելող ուխտաւորները։



Ընտանիքի միջազգային օր` ''գաղթող ընտանիքը, եկեղեցական տեսութիւն'' նիւթին մասին։

Ընտանիքի միջազգային 93րդ օրուան առթիւ Վատիկանի գաղթականութեան ու փախստականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը գերապայծառ Ակոսդինօ Մարգեթթօ երկարաշունչ պատգամ մը ուղղած է, որով կը շօշափէ եօթը գլխաւոր կէտեր. ՜՜Ընտանիքը եւ գաղթանակութեան ծրագիրը, Սուրբ Ընտանիքը եւ գաղթականութիւնը, նեղութիւն եւ վտանք, գրաւ եւ հեռանկար, արտերկրի ուսանողները եւ ընտանիքը, ու փախստականներու ընտանիքը՝՝։

Գերապայծառը մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի պատգամէն կը հաստատէ թէ ով որ կը հաւատայ Քրիստոսի եւ կը հետեւի Անոր Աւետարանին ու քարոզութեան, ան կը դառնայ ուշադիր բոլոր անոնց հանդէպ որոնք տկար են եւ օգնութեան կարիքն ունին։ Ան եղբայրօգնութիւնը կը գործադրէ։ Հետեւաբար եղբայրսիրութիւնը քրիստոնեային համար տեսլական մը չէ այլ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւն մըն է եւ անբաժան մէկ մաս մը՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ բարոյական ուսուցումին

Ռուսական մշակոյթի եւ հոգեւորութեան երկու օրեր մայիս 19ը եւ 20ը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ

Հասկացողութեան եւ համշերաշխութեան մթնոլորտ մը ստեղուած է Հռոմի ու Մոսկուայի եկեղեցիներու միջեւ։ Արդարեւ 19 եւ 20 մայիսին մշակութային ու հոգեւորութեան ծրագիրները ապացոյց մըն են բարեկամութեան, համագործակցութեան ու հասկացողութեան կապերու սերտացումին երկու եկեղեցիներու միջեւ։ Մետրապոլիտ Հիլարիոն Հռոմ կու գայ որպէս ներկայացուցիչը Մոսկուայի Կիւրեղ պատրիարքին։ Ան նախապէս հանդիպում պիտի ունենայ կարտինալ Վալթերի հետ` նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, ապա գերապայծառ Ռավազիի հետ` նախագահը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին։

Մայիս 19ին, Հռոմի ռուսական կեդրոնի մէջ, գիտաժողով մը պիտի գումարուի ունենալով որպէս նիւթ. ''Օրթոտոքսները եւ Կաթողիկէները այսօրուան Եւրոպային մէջ, քրիստոնէական արմատները եւ մշակութային ժառանգութիւնը արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ՝՝։

Մայիս 20ին Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգ մը, տրուած Մոսկուայի պատրիարքէն, ի պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քհանայապետին, անոր ընտրութեան 5րդ տարեդարձին առթիւ։ Համերգին սկիզբը խօսք պիտի առնէ մետրապոլիտ Հիլարիոն Ալֆիեւ, որ պիտի կարդայ Կիւրեղ պատրիարքի պատգամը ուղղուած Սրբազան Հօր ապա Ռուսիոյ ազգային նուագախումբը ընկերակցութեամբ Մոսկուայի սիւնոդոսական երգչախումբին պիտի գործադրեն ռուս մեծ հեղինակներու գործերը։ Համերգին աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք պիտի առնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.