2010-05-17 13:03:37

Լուրեր հայկական կեանքէն


Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի նոր ժողովրդապետի ի պատիւ՝ ընդունելութիւն։

Սուրիա - Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ թեմի նորանշանակ ժողովրդապետ՝ Հ. Գէորգ վրդ. Պահէի անդրանիկ առաքելութեան ստանցման առթիւ (28 մարտ 2010-էն սկսեալ), Քաղաքի Հայ կաթողիկէ  համայնքէն ներս գործող բարեսիրական, երիտասարդական եւ այլ միութիւնները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին Գերապատիւ վարդապետը: Այս առթիւ  Հայ կաթողիկէ միութեան խորհուրդն ու Տիկնանց վարչութիւնը, կիրակի 9 Մայիսին, յաւարտ սուրբ Պատարագին, կազմակերպեցին փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս: Ներկայ գտնուեցան առաջնորդը՝ Արհի. Յովսէփ եպ. Առնաութեան , Նոր ժողովրդապետը Հ. Գէորգ վրդ. Պահէն, հիւրաբար քաղաք գտնուող Տէր ՌաՖՖի Քհն. Յովհաննէսեան, ինչպէս նաեւ համայնքի զաւակներու մեծ բազմութիւն մը: ՀԿՄ-ի ատենապետ Սարգիս Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց նոր ժողովրդապետին, յայտնելով ՀԿՄ-ի  ընտանիքին պատրասկամութիւնը գործակցելու վարդապետին հետ, օգտուելու անոր փորձառութիւններէն ու միտքերէն, յառաջ տանելու միութեան գործունէութիւնը մանաւանդ հոգեւոր դաստիարակութեան ու ազգային դիմագիծի կերտման մէջ: Հայր Գէորգ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին սիրալիր ընդունելութեան համար, յայտնելով թէ ինքզինք կը նկատէ բոլորին փոքր եղբայրը ու պատրաստ է լսելու առաջարկներ ու գաղափարներ ու աշխատելու բոլոր համայնքի զաւակներուն հետ: Ան շեշտեց թէ աշխատանքը պէտք է ըլլայ միասնական, ձեռք ձեռքի տուած, հասնելու լաւագոյն արդիւնքներու: Ան խնդրեց ներկաներէն աղօթել իրեն համար ու աղօթել նաեւ կոչումներուն համար: Գերապայծառ տէրը իր սրտի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս առիթով ու խնդրեց բոլորին օգնել վարդապետին որպէսզի յաջողութեամբ  կատարէ իր ժողովրդապետական աշխատանքը: Ան խնդրեց բոլորէն կիրակի օրերը ներկայ գտնուիլ սուրբ պատարագին, քանի որ եկեղեցին կազմուած է հաւատացեալներէն, երբ չկան հաւատացեալները չկայ եկեղեցին, ապա Գերապայծառը ու Հ. Գէորգ միասնաբար հատեցին մասնաւորապէս պատրաստուած կարկանդակը, ու ներկայ գտնուող համայնքի զաւակները առիթը ունեցան ուրախ տրամադրութեան մէջ շնորհաւորելու նոր ժողովրդապետը  ու մաղթելու իրեն Աստուածահաճոյ ծառայութիւն,  վայելելով բոլորին յարգանքը ու  գերապայծառ տիրոջ օրհնութիւնը:  

Հ. Գէորգ վրդ. Պահէն   ծնած է Քամիշլի 1982-ին ուր ստացած իր նախնական ուսումները, ապա ունենալով կոչումը նուիրուելու Աստուծոյ ու  ծառայելու Յիսուսի հօտին, անցած է Զմմառ ու յաջողութեամբ աւարտած դասընթացքները։ Աստուածաբանութեան ու փիլիսոփայութեան բարձրագոյն ուսմունքները  ամբողջացուցած է Լիբանանի Պօղոսեաններու համալսարանին մէջ: 2006ին մեկնած  Հռոմ, ուր մասնագիտացած է ծիսագիտութեան մէջ, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով ուսումնասիրութիւն մը ՜՜սուրբ Խաչի  մասին Հայ եկեղեցւոյ ու մշակոյթին մէջ՝՝: Իր քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Քամիշլի 19 Մարտ 2010ին, նախագահութեամբ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի եւ Արհի. Յովհաննէս եպ. Թէյրուզեանի, ներկայութեամբ բազմաթիւ հոգեւորական հայրերու: Նորօծ քահանան ստանձնեց իր քահանայական անդրանիկ առաքելութիւնը Դամասկոսի մէջ՝  Հոգեւոր տիրոջ կարգադրութեամբ ու Դամասկոսի առաջնորդ Արհի Յովսէփ եպս. Առնաութեանի ջանքերով: 

Ցեղասպանութեան որբերը ժապաւէնը ։

Ցեղասպանութեան որբերը ժապաւէնը ներկայացուած է Արմենոյտ թիմի կողմէ՝ բեմադրութեամբ Պարետ Մարոնեանի։ Այս կարճ վաւերագրական ժապաւէնը կընդգրկէ հարցազրոյց՝ Միսաք Քելեշեանի հետ, որուն հետախուզական աշխատանքներուն շնորհիւ բացայայտուեցաւ Լիբանանի գիւղերէն Այնթուրայի որբանոցի գաղտնիքները, ուր հազար որբեր թրքացած էին։ Ժապաւէնին մէջ կան նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու վկայութիւններ։ Ժապաւէնը, որուն տեւողութիւնը 18 վայրկեան է, նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին։ Բեմադրիչը նկատել տուած է, որ աշխատանքներ տարած են, որպէսզի ժապաւէնին ժամանակը երկարեն եւ հասցնեն մէկ ժամուան։ Ժապաւէնը պատրաստողներ՝ Պետօ Տէր Պետրոսեան եւ Փոլ Անտոնեան, նկատել տուած են, որ իրենց նպատակն է Այնթուրայի որբանոցին նման պատմութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, հանրութեան ծանօթացնել։ Անոնք յայտնած են, թէ հայ որբերու մասին տեղեկութիւնները այնքան շատ եւ ցրուած էին, որ որոշած են կայքէջ մը հիմնել՝ armenianorphanscom, որ տակաւին կառուցման ընթացքի մէջ է։ Յայտնենք, որ մէկ ժամ տեւողութեամբ ժապաւէնը պիտի ընդգրկէ յատուկ հարցազրոյց մը՝ Տի Ինտիփենտընթ թերթի խմբագիր Ռոպըրթ Ֆիսքի հետ։

Սփիւռքահայ ուսուցիչների վերապատրաստում Հայաստանում
2010թ շարունակւում է ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սփիւռքի հայկական կրթօջախների արեւմտահայ եւ արեւելահայ տարրական, միջին եւ աւագ դասարանների, հայ ուսուցիչների մասնագիտական խորացուած վերապատրաստման մէկամսեայ ծրագիրը։ Հաղորդում է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը։

Դասընթացների սկիզբը նախատեսուած է 2010թ յուլիսի 11-ին, վկայագրերի յանձնումը՝ օգոստոսի 11-ին։

Դասընթացները ընթանալու են մասնագիտական եւ մանկավարժական եւ մանկավարժահոգեբանական վերապատրաստութիւն հին կրթական մակարդակներով՝` համաձայն հին խմբերի համար հաստատուած ծրագրերով՝ Հայաստանից եւ Սփիւռքից հրաւիրուած բարձրակար մասնագէտների ներգրաւմամբ։
Վերապատրաստման դասընթացների շրջանակներում շաբաթ եւ կիրակի օրերին կազմակերպուելու են նաեւ ճանաչողական շրջայցեր դէպի Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձանները։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն Հայ Եկեղեցու պատուոյ բարձր շքանշաններ յանձնեց ՀՀ Ռազմական ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանին, գրող-հրապարակախօս Զորի Բալայեանին եւ մանրաքանդակագործ Էդուարդ Տէր-Ղազարեանին 

Մայիսի 13-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, Վեհարանի Հանդիսութեանց դահլիճում, Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանի, թեմակալ առաջնորդների, Մայր Աթոռի միաբանութեան եւ բազմաթիւ հիւրերի, տեղի ունեցաւ ՀՀ Ռազմական ոստիկանութեան պետ գեներալ-մայոր Վլադիմիր Գասպարեանին, գրող-հրապարակախօս Զօրի Բալայեանին եւ մանրաքանդակագործ Էդուարդ Տէր-Ղազարեանին Հայ Եկեղեցու պատուոյ բարձր շքանշանների տվչութեան արարողութիւնը։



Բացման խօսքից յետոյ մեծարեալներից Վլ Գասպարեանին եւ Զօրի Բալայեանին ներկայացրեց ՀՀ Պաշտպանութան նախարար Սեյրան Օհանեանը՝`՝` անդրադառնալով վերջիններիս գործունեութեան, իսկ Էդ Տէր-Ղազարեանի արուեստին եւ բացառիկ տաղանդին անդրադարձաւ Անդրանիկ Պետրոսեանը։



Հաւարտ արարողութեան ներկաներին իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները բաշխեց Նորին Սրբութիւնը ''բոլորիս հոգին այս պահին ցնծութիւն է ապրում, որովհետեւ մեր ժողովրդի բազում արժանաւոր զաւակներից երեք հոգու՝ տիարք Վլադիմիր Գասպարեան, Զօրի Բալայեան եւ Էդուարդ Տէր-Ղազարեան, այսօր այստեղ ենք բերել Մեր գնահատանքի խօսքն ասելու եւ նրանց կուրծքը զարդարելու Առաքելական մեր Մայր Եկեղեցու պատուոյ բարձր շքանշաններով։

Մէկն իր գործով իր գիտելիքնեորվ ու փորձառութեամբ իր անուրանալի նպաստն է բերում հայրենի մեր երկրի զօրացմանը, միւսն իր գրչով գաղափարական ներշնչանք է հաղորդում մեր զաւակաց եւ երրորդն իր աստուածապարգեւ տաղանդով զարմացնում է համայն աշխարհին իր արուեստի լուխործոց գործերով։

Թող Տէրն օրհնի Ձեզ, կենաց բազում արեւշատ տարիներ ու ներշնչանքներ պարգեւի եւ Սուրբ Հոգու շնորհներն առատաբար հեղի մեր երկրի ու ժողովրդի վրայ,- նշեց Վեհափառ Հայրապետն իր խօսքում։  








All the contents on this site are copyrighted ©.