2010-05-17 13:55:43

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


  Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԻՏԱԼԱՑԻ ԵՐԿՈՒ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԶՈՀ ԱֆՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։
Իտալացի երկու զինուորներ մահացան եւ այլ երկու զինուորներ ծանրապէս վիրաւորուած են ,զինուորներու կառախումբին ենթարկուած ռմբային պայթումի հետեւանք։ Իտալացի զինուորներու կառախումբը կ՝ուղղուէր դէպի Աֆղանիստանի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Պալա Մուրկհապ։ Այսօրուայ այս վերջին մահափորձով աֆղանիստանի մէջ մահափորձի կամ արկածի զոհ գացող իտալացի զինուորներու թիւը 25-ի կը բարձրանայ,2004էն մինչեւ այսօր։

17 ՄԱՅԻՍ։ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱԶԷՐՊԷՅՃԱՆ։
Այսօր Չեխիոյ Վարչապետը Հայաստան կ'այցելէ։ Իսկ Յորդանանի Թագաւորը Ազրպէյճան ։

ՊԱՆՔՈՔԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ 35-Ի ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ
Պանքոքի մէջ Կարմիր Շապիկաւոր ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ քառօրեայ թաղային բախումներուն պատճառով 35 զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուած են։ Բոլոր զոհերը քաղաքայիններ են։ Կարմիր Շապիկաւորները մարտի կէսերէն ի վեր բողոքի ցոյց կը կատարեն՝ պահանջելով վարչապետ Ապհիսիթ Վեժաժիւայի հրաժարականը, խորհրդարանի լուծարումն ու արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը։ Անոնց մեծամասնութիւնը կուգան հիւսիսային Թայլանտի գիւղական աղքատիկ շրջաններէն, ուր 2006-ին պետական յեղաշրջումով մը իշխանութենէն հեռացուած նախկին վարչապետ Թաքսին Շինաուաթրայի ժողովրդականութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ։ Շինաուաթրա իր կարգին կառավարութեան կոչ ուղղած է բանակայինները փողոցէն հեռացնելու եւ բանակցութեանց վերսկսումին ։ Ան ներկայիս արտասահման կը բնակի,փտածութեան ամբաստանութեամբ բանտարկութենէ խուսափելուն համար։
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՐԻՐԻ ՊԻՏԻ ԵՐԹԱՅ ՍՈՒՐԻԱ։
Լիբանանի Վարչապետը Սաատ Հարիրի մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ,քննարկելու համար լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային շարք մը հարցեր։ Կը նախատեսուի, որ երեքշաբթի օր վարչապետ Հարիրի ուղղուի Դամասկոս։ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ վաղը՝ երեքշաբթի, 18 մայիս 2010-ին պիտի ընդունի վարչապետ Հարիրին, որուն Դամասկոս կատարելիք այցելութեան նպատակն է Սուրիոյ նախագահին հետ քննարկել երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային թղթածրարներուն մասին տարբեր տեսակէտներու փոխանակում կատարել՝ նախքան վարչապետ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութիւնը եւ նախագահ Պարաք Օպամայի հետ անոր տեսակցութիւնը։
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԵՒ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ։
14 մայիսին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը՝ դատապարտելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 23 մայիսին խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու որոշումը։ Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ նախարարութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղը նկատել Ազրպէյճանի մէկ մասնիկը, իսկ հոն հաստատուած կառավարութիւնը Հայաստանի կողմէ հաստատուած ապօրինի կառոյց մը ։ Ըստ նախարարութեան, նման ընտրութիւններ խոտոր կը համեմատին Ազրպէյճանի եւ միջազգային օրէնքներուն, եւ կարելի չէ զանոնք արդար եւ օրինական նկատել, այնքան ատեն որ շրջանէն արտաքսուած ազրպէյճանցիները չեն վերադարձած։ Իր կարգին, Երեւան այցելող Ազրպէյճանի հողագործութեան նախարար Իսմեթ Ապասով ազդարարեց, որ Ազրպէյճան կրնայ այլ միջոցներու դիմել, եթէ կարելի չըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բանակցութեանց ճամբով լուծել՝ աւելցնելով, որ զինուորական ընտրանքը կարելի չէ բացառել։







All the contents on this site are copyrighted ©.