2010-05-16 09:08:41

Մարեմեան խորհրդածութիւն Նարեկացիի տեսիլքը


Մեր սուրբ հայրերուն մէջ նշանաւոր է հրեշտակային Նարեկացին, որ քաշուած Նարեկի վանքին մէջ կը զբաղէր խոկումով եւ աղօթքով:
Մասնաւոր սէր եւ բարեպաշտութիւն ունէր Ս. Աստուածածնի հանդէպ եւ իր քարոզներուն մէջ միշտ անոր գովքը կը հիւսէր: Անոր սրբութեան համբաւը տարածուած էր ոչ միայն իր մենաստանին, այլ բոլոր Հայաստանի սահմաններուն մէջ:
Իր խօսած քարոզները եւ գրած գիրքերը զինք կը դասէին ժամանակի մեծ իմաստուններուն եւ սուրբերուն կարգին:
Սակայն ինքն ալ ունէր իր նախանձորդները եւ թշնամիները, որոնք կը չարախօսէին իր մասին եւ կ’ուզէին վստահամբաւել զինք:
Օրին մէկը մեծ ժողով մը գումարեցին գաւառին եպիսկոպոսները, վարդապետները, իշխանները եւ տանուտէտերը եւ միասին լսելէ ետք Նարեկացիի դէմ զրպարտութիւնները, երկու պատուիրակ ղրկեցին վարդապետին մօտ, որ զինք այդ հաւաքոյթին բերեն ու դատեն, յանդիմանեն, պատժեն եւ, եթէ հարկ է, աքսորեն իբրեւ հերձուածող:
Երբ հրաւիրակները վանքին դուռը բախեցին, Սուրբը զիրենք ընդունեց զուարթ դէմքով եւ անայլալ:
Լսեց անոնց գալուն պատճառը եւ, փոխանակ բարկանալու եւ յանդիմանելու, ըսաւ.
-Նախ ճաշերնիս ուտենք, յետոյ կ’երթանք:
Տապկել տուաւ երկու աղաւնիներ եւ սեղանի վրայ դրաւ որ ուտեն: Եւ այդ օրը Ուրբաթ էր, պահքի օր, արգիլուած էր միս ուտել:
Երկուքը աւելի գայթակղած, յանդիմանեցին զինք թէ.
-Վարդապետ, այսօր Ուրբաթ չէ՞:
Իսկ ինք պատասխանեց.
-Ներեցէք, եղբայրներ, միտքէս չանցաւ որ այսօր Ուրբաթ է:
Եւ դառանլով տապկած աղաւնիներուն, ըսաւ.
-Ելէք, ձեր երամին միացէք, քանի որ այսօր պահքի օր է:
Եւ նոյն պահուն աղաւնիները կենդանացան եւ թեւ առնելով թռան երեքաին առջեւ:
Երկու հրաւիրակները սաստիկ վախցան եւ ապշած մնացին ու սուրբին ոտքը ինկան թողութիւն խնդրեցին իրմէ եւ Աստուծոյ փառք տուին:
Վերադնալով իրենց ղրկողներուն քով պատմեցին պատահածը: Ամէնքը փոխեցին իրենց միտքերը եւ անկէ վերջ զինք կոչեցին Գրիգոր Սքանչելագործ:
Իսկ Գրիգոր շարունակեց իր խստակրօն եւ սուրբ կեանքը:
Վերջալոյսի մը ժամանակը, մինչ յափշտակուած կը դիտէր մարը մտնող արեւը եւ դիմացի Առտէր կղզիին լճին մէջ ցոլացումը կը վայլէր, յանկարծ երկինքի մէջ Յիսուս Մանուկը տեսաւ, բազմած ամենօրհնեալ Աստուածամօր գիրկը:
Ո՜վ գիտէ ի՜նչ բուռն զգացումներով լեցուեցաւ այն սիրտը, որ միշտ Փրկչին ընտանի սիրով ողողուած էր եւ ջերմ ու առանձին ընտանութեամբ կապուած՝ Աստուածամօր սիրով:
Միջազգային հոգեւոր գրականութեան մէջ, շատ քիչ հեղինակներ միայն կրնան բաղտատութեան դրուիլ Նարեկացիի Սուրբ Աստուածամօր նուիրուած այդ սքանչելի աղօթքին հետ:
”Աղօթամատեանի Ձ ”80րդ” գլուխը”







All the contents on this site are copyrighted ©.