2010-05-15 13:17:43

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնները՝ Տիրամայրը, ժողովուրդը, Քահանայապետը։


 Մինչ թափօրը կը յառաջանար անծայրածիր ամբոխին միջեւ, ֆաթիմայի հսկայ հրապարակին վրայ, կը դիտեմ ջահերէն ցոլացող լուսաւոր դէմքերը. տասնեակ հազարաւոր անհատներ` այրեր ու կիներ, երիտասարդներ եւ տարեցներ իրենց մանուկներուն հետ միասին։

Անմեղ դէմքեր, անոնց երեսէն կը դրսեւորուի անկեղծ եւ խոր յուզում մը` արցունք եւ ժպիտ, ցաւ ու յոյս։

Հակառակ անձրեւին ու հովին, հոն ներկայ է ժողովուրդը` Աստուծոյ ժողովուրդը, եկած Փորթուկալէն ու Եւրոպայի զանազան երկիրներէն իւրաքանչիւրը հետը բերելով իր սրտի աղօթքն ու մարեմեան ''ողջոյն Քեզ''երգը։

Ո՞վ զայն հրաւիրեց, ո՞վ զայն կանչեց, վստահաբար մամուլը չէ եւ ոչ ալ մասնագէտ կազմակերպիչներ, եւ ոչ իսկ եպիսկոպոսներ։ Մենք վստահ ենք թէ այս ժողովուրդը կանչուեցաւ ''փոքր եւ լուսաւոր Կնոջմէ'' մը, որ երեւեցաւ երեք փոքրիկ հովիւներուն, ֆաթիմա կոչուած անծանօթ ու ամայի վայրին մէջ։ Գրեթէ հարիւր տարի անցաւ այդ դէպքին վրայ եւ կոչը տակաւին չկորսնցուց իր հմայքը։ Եւ վերջին 40 տարիներուն, ճակատգրական 13 մայիսին, Հռոմի Քահանայապետը հինգ անգամ եկաւ։

Հռոմի Պապը հրապուրուած՝ այդ կանչէն, իր կարգին ուզեց ուխտաւոր դառնալ իրեն յանձնուած Աստուծոյ ժողովուրդին հետ։ Ուզեց գալ եւ իր կարգին բարձրաձայն ըսել ''կը սիրեմ''։ Ուզեց գալ աղօթելու եւ ապաշխարելու բոլոր ժողովուրդներու դարձին ու փրկութեան համար եւ Աստուծոյ յանձնարարել մարդկային ազգին ցաւն ու անձկութիւնը, ուրախութիւնն ու յոյսը։ Այս աղօթքը, այս օրերուն, ամէնքս ապրեցանք վերանորգ սքանչացումով ու յոյսով։ Հակառակ դժուարութիւններուն, ներքին թէ արտաքին, Եկեղեցին կ'ապրի ու կը քալէ Ս. Հոգւոյն ընկերակցութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.