2010-05-15 12:58:45

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԹԻՆԱ ՔԷՅՏԱՆԱՈՒ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օնական Թինա Քէյտանաուը։ Քէյտանաու յայտնեց, որ Հայաստան կարեւոր գործընկեր է Միացեալ Նահանգներուն համար եւ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը կ՝ակնկալէ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը շարունակել կայունութեան հաստատման, տնտեսական զարգացման խթանման եւ բարեփոխումներու իրականացման ասպարէզներուն մէջ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հետագայ ընդլայնման հեռանկարները։

ՔԼԻՆԹԸՆ-ՏԱՎՈՒԹՕՂԼՈՒ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՕՍԱՑԿՈՒԹԻՒՆ ։
Միացեալ ՆահանԳներու արտաքին Գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն եւ Թուրքիոյ արտաքին Գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հինշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր։


ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԿԸ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԻ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐՈՎ ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Աթէնք կը գտնուի ։ Այս ճամբորդութեան ընթացքին անոր կ՝ուղեկցի ներկայացուցչական պատուիրակութիւն մը՝ 10 նախարարներէ եւ 320 հոգիէ բաղկացած։ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը, քրտական, կիպրական եւ յունական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ բողոքի ցոյցերով դիմաւորեցին Թուրքիոյ վարչապետը։ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ,երէկ երեկոյեան պահանջատիրական ցոյց եւ քայլարշաւ կազմակերպուեցաւ դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն։ Նշենք որ Էրտողանի՝Յունաստան այս այցելութիւնը նոր հանգրուան կը նախանշէ թուրք-յունական յարաբերութիւններուն մէջ,դրոշմուած բարեկամութեան կնիքով։Միւս կողմէ թրքական ՝՝Միլլիյէթ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ, նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան յայտարարած է, որ Անգարա ներկայիս կաշխատի՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու կեանքի կոչման ժամանակացոյցի ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.