2010-05-14 14:12:33

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Փորթուկալ


Ուրբաթ 14 մայիս 2010, վերջին օրը Սրբազան Քահանայապետին Փորթուկալ այցելութեան, Նորին Սրբութիւնը ֆաթիմայէն մեկնեցաւ Բորթօ, ուր՝ Ավենիտա տոս Ալիատոս՝ կոչուած մեծ հրապարակը բացօդեայ պատարագ մատուցեց աւելի քան 200 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Ս. Զոհին աւարտին, Սրբազան Հայրը բարձրացաւ քաղաքապետարանի պատշգամը ողջունելու ամբոխը եւ ստորագրելու ոսկէ մատեանը. որմէ ետք ալ ուղղուեցաւ քաղաքի միջազգային օդակայանը. ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւն եւ վերադաձաւ Հռոմ։
Հռոմ չմեկնած, Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր փորթուկալցիներուն, իրեն վերապահուած՝ ջերմ ընդունելութեան համար եւ մաղթեց անոնց որ միշտ աւելի ներդաշնակութեամբ ապրին, լաւագոյնս դիմագրաւելու մարտահրաւէրները։ Ինչպէս նաեւ քաջալերեց զանոնք հաւատքի մէջ հաստատ մնալու, մատնանշելով ՜՜ քրիստոնէական հաւատքը մեծապէս նպաստեց ձեր ազգին մեծութեան՝՝։
ֆաթիմայի մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, աղօթեցի համայն աշխարհին համար, ապագայի համար, խնդրելով աւելի եղբայրակցութիւն, զօրակցութեան ու փոխադարձ յարգանք մարդկային ազգին միջեւ եւ վերանորոգ վստահութիւն Աստուծոյ ` մեր երկնաւոր Հօր։ Ինծի համար մեծ ուրախութեան առիթ եղաւ Փորթուկալի ժողովուրդի մեծ հաւատքին վկայ ըլլալ, ըլլան անոնք փոքրեր, երիտասարդներ կամ տարեցներ։ Վկայ եղայ կղերին նուիրումին, մշակոյթի աշխարհի կամքին փնտռելու ճշմարտութիւնը եւ գեղեցկութիւնը, ընկերային հովուութեան մշակներու աշխատանքին։ Աղօթքս է որ իմ այցելութիւնը մղիչ ոյժ մը ըլլայ յառաջանալու հոգեւոր կեանքին մէջ եւ աշխատելու Տիրոջ այգիին մէջ ի փառս Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Պատարագին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած քարոզին մէջ բացայայտեց ՜՜Համբարձաման՝՝ տօնին նշանակութիւնը։ Արդարեւ ըսաւ Սրբազան Հայրը, Յիսուսի Համբարձումէն ետք Պետրոս առաքեալ կ'ըսէր ՜՜ հարկաւոր է որ այլ մարդեր մեզի հետ Քրիստոսի յարութեան մասին վկայութիւն տան՝՝ ։
Անոր ներկայ յաջորդը, նոյնը ձեզի կը կրկնէ.
՜՜եղբայրներս ու քոյրերս, հարկաւոր է որ ինծի հետ դառնաք ՜՜վկաները Յիսուսի Յարութեան՝՝։ Քրիստոնեան` Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցւոյ հետ, Քրիստոսի քարոզիչ է։ Այս է կոչումը ամէն քրտիստոնեայի ու ամէն քրիստոնեայ շարժումի։ Մենք հրահանգ ստացած ենք Աստուծմէ, ազգերուն ճանչցնելու Յարուցեալ Քրիստոսը, որպէսզի ամէն արարած յաւիտենական կեանք ունենայ։
Իր քարոզի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց. ՜՜ հարկաւոր է որ ամէն քրիստոնեայ հաւատարիմ ըլլայ Աւետարանին՝՝։ Մենք, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, կանչուած ենք ծառայելու ժամանակակից մարդկութեան, ամբողջովին վստահելով Քրիստոսին եւ հիմնուելով Քրիստոսի խօսքին վրայ։ ՜՜Յիսուս կ'ըսէ դուք չէ որ զիս ընտրեցիք այլ ես՝ ձեզ ընտրեցի ու նշանակեցի ձեզ՝` որպէսզի երթաք եւ պտուղ բերէք, ու ձեր պտուղը մնայ, որպէսզի ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն՝` իմ անունովս, տայ ձեզի՝՝։

Հետեւաբար, սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս որ Եկեղեցին Քրիստոսի ու Ս. Հոգւոյն գործն է, մենք եւս պէտք է որ հետեւինք Քրիստոսին, որպէսզի աշխարհը բարենորոգուի միշտ եւ միմիայն Աստուծմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.