2010-05-14 07:51:53

Մայիս 13 Հայրենասէր Գրնդապետը՝ Նաչչելի


Երեք արծաթ մետալներ ստացած էր, երեք անգամ վիրավորուած ըլլալու համար, երեք տարբեր ճակատամարտներու մասնակցած ատեն:
Յարձակումը վերջանալուն, փոխանակ հանգչելու, կը գրէր իր սիրելիներուն. ”Նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլայ կեանքս զոհել հայրենիքիս համար, ո՜հ, որքան սիրով պիտի տայի զայն… Գոնէ կարենայի քիչ մը խաղաղութիւն բերել այս չարչարուած մարդկութեան”…:
Իր զինուորական շրջանին մէջ ամէնէն վտանգաւոր գործերը ինք կ’ընէր: Հաւատացեալ քրիստոնեայ էր եւ վարդարանը իր աէնօրեայ աղօթքն էր:
Ծանր վէրք մը ստանալէ ետք, երբ խնամքի տակ էր տակաւին, համազգեստ հագուած Ս. Հաղորդ առնելու կ’երթար: Եւ միշտ երազն էր խրամները մտնել ու կռուիլ հայրենիքկն համար:
Իտալալկան պատմութեան մէջ սեւ էջ մը կայ ածուխով գրուած՝ ”Գաբորեթթոյ”ի պարտութիւնը…
Ճակատ մեկնելէ առաջ Աստուածամօր մէկ տաղը կ’երգէր ու կը գոչէր.
-Ամէն բան քեզի համար պիտի ընեմ, Մարիամ, ու կը նետուէր դէպի առաջ:
Այս լուրը առնելուն մեր գնդապետը դիմում կատարեց ”խիզախներ”ու խումբին գրուելու:
Այդ առթիւ կը գրէր սիրելիներուն. ”Ես պէտք չէ որ ձեր մասին մտածեմ, ձեր սիրոյն երազեմ, այլապէս ոյժս կը նուազի: Աստուած վերէն ինծի կը նայի ու կը հոգայ ամէն բան. Իրեն կը վստահիմ”:
Աստուած ընդունեցաւ իր անձնազոհութիւնը, զարնուեցաւ 1918ի արշալոյսի մը, մինչ առիւծի պէս յարձակում կ’ընէր:
Քանի մը օր առաջ գրելով իր Նարինա քրոջ կ’ըսէր խիզախօրէն. ”Եթէ մեռնիմ… հայրենիքիս չեմ տար թառամած եւ ախտերով փճացած երիտասարդութիւն մը, այլ առողջ, ծաղկեալ ու կայտառ:
Մինչ զիս կը թաղէք, ձեռքս տուէք մօրս նուիրած սուրբ վարդարանը: Դագաղիս վրայ դրէք հայրենի դրօշը եւ անոր վրայ՝ շահած մետալներս”:
Եւ ըսել որ դեռ 24 տարեկան էր այս հերոսը: Դուք ալ կրնա՞ք նոյն խոստովանութիւնն ընել…:







All the contents on this site are copyrighted ©.