2010-05-14 14:13:23

Լուրեր հայկական կեանքէն


  ՀՀ սփիւռքի նախարարը ընդունեց Սփիւռքի հայ գիտնականները

Վերջերս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիոյ անդամ սփիւռքահայ գիտնականները։

Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Հ. Յակոբեանը ներկայացուց մանրամասներ նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց ապագայի ծրագրերը, որոնք կը վերաբերին հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, հայկական համայնքներու եւ Հայրենիքի միջեւ կապերու ամրապնդման եւ այլ հիմնախնդիրներու։ Մասնաւորապէս, տիկին Հ. Յակոբեանը խօսեցաւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներու պահպանման եւ անոնց թիւի աճման, ուսուցիչներու վերապատրաստաման, արեւմտահայերէնի միասնական դասագիրք ստեղծելու, լեզուապահպանութեան եւ հայագիտութեան ծիրէն ներս կատարուող աշխատանքներուն մասին։ Ան կարեւոր նկատեց Սփիւռքի առանձին հայ համայնքներու պատմութիւնը գրելու գաղափարը՝ շեշտելով, որ Հայոց պատմութիւնը միայն Հայաստանում ապրող հայերի պատմութիւնը չէ։ Նախարար Հ.Յակոբեանը խօսեցա նաեւ Արի տուն ծրագրի, Կամաւոր հայրենադարձութեան ծրագրի նախագիծի եւ այլ հարցերու մասին։
   Պոլսոյ Փառատօնին Հայ Բանաստեղծը Արժանացած Է Մրցանակի ։

Մայիս 7ին Երեւանի մէջ, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, բանաստեղծ Արտէմ Յարութիւնեան խօսեցաւ 19-26 Ապրիլին Պոլսոյ մէջ կայացած 5րդ բանաստեղծական փառատօնին մասին, ուր ինք արժանացած է «Պօէզիայում դարն արտացոլելու համար» մրացանակին:Նշենք, որ փառատօնը կը կայանայ 2006էն ի վեր, իսկ Պոլիսը այս տարի յայտարարուած է՝ ՜՜Համաշխարհային մշակոյթի կեդրոն՝՝։ Ըստ բանաստեղծին, ինք փառատօնին մասնակցելու հրաւէրը ընդունած է մեծ վերապահութեամբ: Ան նաեւ յայտնեց, թէ ինք կրցած է մասնակիցներու դատին յանձնել Ցեղասպանութեան թեմաներով իր հեղինակած բանաստեղծութիւնները, որոնք, ի հարկէ, միանշանակ չեն ընդունուած, սակայն, բանաստեղծին հաւաստումով, Թուրքիան փոխուած է: Նշենք, որ հայ բանաստեղծի մը մասնակցութիւնը եւ մրցանակի արժանացումը լուսաբանուած է տեղւոյն հայկական եւ թրքական մամուլով:

՜՜Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն՝՝ նիւթին մասին մրցոյթ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գեւորգեան Ճեմարանին մէջ, մայիսի 9-ին տեղի պիտի ունենայ ՀՀ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ՜՜Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն՝՝ նիւթին շուրջ մրցումի հանրապետական փուլը։ Անոր կը մասնակցին շուրջ 50 աշակերտներ եւ արդիւնքները պիտի հրապարակուին յաջորդ օրը՝ 10 մայիսին, մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։ Այս առթիւ աշակերտները եւ մանկավարժները պիտի այցելեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները, ծանօթանալու՝ ազգային սրբութիւններու բացառիկ նմոյշներուն։

Մրցանակներ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած անձերու

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիր մը ստորագրած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ նշանակելի աւանդ ունեցած անձերուն մրցանակ շնորհելու մասին։

Նախագահի հրամանագիրով 2009 թուականի մրցանակ շնորհուած է Ուիլիըմ Շապասին (Իրլանտա)՝ Հայոց ցեղասպանութեան գիտական հիմնաւորման եւ անոր ժխտման հակազդելու նախաձեռնութիւններուն համար եւ Սարգիս Շահինեանին (Զուիցերիա)՝ Զուիցերիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին նախաձեռնելու եւ անոր ժխտումը քրէօրէն հետապնդելի դարձնելու գործին մէջ ունեցած աւանդին համար։
Եռօրեայ հոգեւոր համագումար մը, Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութեան ճամբարին մէջ:
Համագումարի ընդհանուր թեման էր «Նոր Սկիզբ», որուն մասնակցեցաւ թեմի եկեղեցիներու երիտասարդ-երիտասարդուհիներէն աւելի քան յիսուն հոգի՝ հոգեւոր առաջնորդութեամբ առաջնորդարանի Քրիստոնէական բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեանի։
Համագումարը սկսաւ առաւօտեան աղօթքներով եւ ժամերգութեամբ։ Արձանագրուած տեսաերիզով, սրբազան հայրը երիտասարդներուն իր պատգամը փոխանցեց, յայտնելով իր գնահատանքն, ուրախութիւնը եւ տուաւ իր հոգեւոր խրատները, կոչ ուղղելով բոլորին զգուշանալու մեզ շրջապատող աղանդաւորներէ եւ կեղծ ու խաբեպատիր ուսուցումներէ։
Հայր սուրբը իր առաջին դասախօսութեամբ ներկայացուց ներկայ կեանքէն ներս իւրաքանչիւր անձի «նոր սկիզբ»ին մասին, մէջբերումներ կատարելով Աստուածաշունչէն, զորս երկլեզու ընթերցեցին երիտասարդները։ Դասախօսութենէն ետք, երիտասարդները խումբերու բաժնուեցան եւ մասնակցեցան կազմակերպուած խմբային աշխատանքի։
Կէսօրուան ճաշէն ետք, հայր սուրբը ներկայացուց իր երկրորդ դասախօսութիւնը, որուն մէջ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կրնանք պատրաստուիլ նոր սկիզբի մը, երկնային կեանքէն ներս՝ դարձեալ մէջբերումներ կատարելով Աստուածաշունչէն եւ հայրերու գրականութենէն։
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ աղօթքի պահ։ Երիտասարդները իրենց մեղքերը գրեցին թղթիկներու վրայ եւ այդ թղթիկները այրեցին կրակին մէջ։ Անոնք նաեւ տարբեր թղթիկներու վրայ գրեցին իրենց խնդրանքները Աստուծմէ եւ ապա հաւաքական աղօթք կատարեցին եւ բոլորը միասին ծնկաչոք երգեցին «Տէր Ողորմեա»ն՝ խաղաղութիւն խնդրելով իրենց հոգիներուն, համայն աշխարհին եւ հին ու նոր ննջեցելոց հոգիներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.