2010-05-14 13:26:53

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ-ՄԻՆՍՔԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսել կը գտնուի, նախանցեալ օր հանդիպած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէի, Ռոպերթ Պրատքէի, Իկոր Փոփովի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Քասփրչիքի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերեալ մատրիտեան առաջարկներու շուրջ կողմերուն դիրքորոշման առնչուող հարցեր,միւս կողմէ համանախագահները (ըստ տեղեկութեանց) կը ծրագրեն յունիսի սկիզբը Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպիլ։

՝՝ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵՐՍԿՍԵԱՄՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ ԿՐԿԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԱԾ Է՝՝ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի բանակը մարտունակ է եւ պատրաստ է դիմագրաւելու իրեն դէմ պարզուած մարտահրաւէրները։ ՝՝Մենք պատերազմէն չենք վախնար, որովհետեւ մեր ուժերուն կը վստահինք։ Պատերազմի վերսկսման պարագային մենք դարձեալ պիտի յաղթենք եւ վերջնականապէս այս հարցը պիտի լուծենք՝՝ ըսած է նախարարը լրագրողներուն ։ Ան նշած է, թէ նախանցեալ օր աւարտած է Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի մասին համաձայնագիրի ստորագրման 16-ամեակը։ Այդ ընթացքին լուրջ միջադէպեր չեն արձանագրուած։ Ըստ նախարար Յակոբեանի, Ազրպէյճան զինադադարը գլխաւորաբար կը խախտէ տօնական օրերուն եւ զօրակոչի շրջանին։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆԸ Ի ՆՊԱՍՏ ԵՐԿՐԻ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրապարակած է յատուկ շրջաբերական մը՝ պահանջելով օրէնքի սահմաններուն մէջ, ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցառումներուն, որպէսզի պատասխանատուութեան ենթարկուին Թուրքիոյ մէջ բնակող ազգային փոքրամասնութիւններուն(որոնց շարքին հայերու, հրեաներու եւ յոյներու նկատմամբ) թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանողները,ընդգծելով որ փոքրամասնութիւններըԹուրքիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին անբաժան մասնիկներն են ։ Թրքական լրատուամիջոցներու փոխանցմամբ,Թուրքիոյ կառավարութեան շրջաբերականին մէջ կը նշուի, որ անհրաժեշտ միջոցառումներ պէտք է իրականացուին զանգուածային լրատու-միջոցներու մէջ տեղ գտնող փոքրամասնութիւններուն դէմ թշնամանք սերմանող հրապարակումներու դէմ։Բոլոր մարզերէ ներս պէտք է խուսափիլ դժուարութիւններ յարուցանել երկրի փոքրամասնութիւններու նկատմամբ( կը կարդացուի Թուրքիոյ վարչապետի շրջաբերականին մէջ)։

ԷՍԹՈՆԻԱ ՄՈՒՏՔ ՊԻՏԻ ԳՈՐԾԷ ԷՈՒՐՈՅԻ ԳՕՏԻՆ ։
Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ժոզէ Մանուէլ Պարրոզօ յայտարարեց, որ Եւրոպական Յանձնաժողովը կ՝աջակցի Էսթոնիոյ՝ 1 յունուար 2011-ին Էուրոյի գօտիի անդամակացութեան։ Նոյն բովանդակութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակած է նաեւ մերձ-պալթեան այս պետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Արժութային եւրոպական միասնական գօտիի միանալու որոշումը վերջնականապէս կրնայ ընդունուիլ 6 յուլիսին՝ Էուրոյի գօտիի ելեւմուտքի նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստի ընթացքին։ Մարտ 2009-ին Եւրոպական միութեան ղեկավար մարմինները(ներառեալ Եւրոպական խորհուրդը) մերժեցին Էուրոյի գօտիին Լիթուանիոյ, Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ եւ Պուլկարիոյ անյապաղ անդամակցութեան տարբերակը՝ պատճառաբանելով, որ Եւրոպական միութեան անդամ այս պետութիւններուն պէտք է օգնել տակաւին, որպէսզի անոնք կայունացնեն իրենց ազգային տնտեսութիւնը։ Միւս կողմէ, Սպանիա չորեքշաբթի օր պետական մարզի ամսականներու կտրուկ կրճատումներ յայտարարեց, իսկ Ֆրանսա նախատեսուածէն աւելի վատ տնտեսական տուեալներ հրապարակեց, Աւստրիա խոստովանեցաւ, որ իր տնտեսութեան վերականգնման գործընթացը ճահճացած է, իսկ Յունաստան եւ Ռումանիա հաստատեցին, որ կը շարունակեն մնալ տնտեսական ընկրկման մէջ։ Միայն Գերմանիա յայտարարեց դրական, սակայն տկար արդիւնքներու մասին։ Սպանիա՝ Իրլանտայէն եւ Յունաստանէն ետք Էուրոյի գօտիին մէջ երրորդ մեծագոյն պարտք ունեցող երկիրն է։ Անոր վարչապետը՝ Խոսէ Լուիս Ռոտրիկեզ Զափաթերօ հրամայեց պետական մարզի ամսականները կրճատել հինգ առ հարիւրով։ Ան ըսաւ, թէ բացի ամէնէն աղքատներէն, կառավարական մարզի ամսականներն ու հանգստեան թոշակները սառեցուած պիտի մնան մինչեւ 2011 եւ խոստովանեցաւ, որ այս քայլը անպայման ընկերային ազդեցութիւն մը պիտի ունենայ։ Սպանիոյ մէջ անգործութեան համեմատութիւնը 20 առ հարիւր է։







All the contents on this site are copyrighted ©.