2010-05-13 13:12:07

Հ Ա Մ Բ Ա Ր Ձ Ո Ւ Մ


Հ Ա Մ Բ Ա Ր Ձ Ո Ւ Մ

Այսօր 13 Մայիս Հայ Եկեղեցին Կը Յիշատակէ Յիսուսի Համաբարձման Տօնը

Ազգ մը կը գոյատեւէ պահպանելով իր կրօնը, լեզուն եւ աւանդութիւնները։
Հայ ժողովուրդը այս իրականութեան լաւագոյն օրինակն է։
Հակառակ 1915-ի ջարդերուն, մեր պապիկներուն եւ մամիկներուն քաջութեան պատճառով այսօր մենք կը խօսինք ու կաղօթենք հայերէնով եւ մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը պահպանենք հայկական աւանդութիւնները։

Մեր ընտանիքին մէջ հայկական աւանդութիւնները փոխանցողը եղած էր հօրս մայրը՝ Զարուհի նէնէս։ Կը յիշեմ, որ փոքր տարիքէս անհամբեր կը սպասէինք Վարդավառին, որպէսզի մեծ մօրս տան բակին մէջ իրարու վրայ ջուր թափէինք։ Ս Ծննդեան եւ Ս Զատկուան խթման գիշերը կը հաւաքուէինք անոր տունը՝ ուտելու խթման յատուկ ճաշեր, ինչպէս բանջար չեկայ, հաւկիթով ճաշեր եւ այլն։ Իւրաքանչիւր տօնին մեծ մայրս կը բացատրէր այդ տօնին իմաստը, սովորութիւնները, եւ թէ իրենք նախապէս ինչպէ՛ս կը տօնէին։ Զարմանալի էր, որ նոյն պատմութիւնը լսելը երբեք չէր ձանձրացներ մեզ։ Ինծի համար յատկանշական էր Համբարձման տօնը։
Համբարձումէն մէկ գիշեր առաջ՝ չորեքշաբթի երեկոյեան մեծ մայրս Տէր Զօրէն իրեն հետ բերած յատուկ պղինձէ կափարիչով փոքր դոյլի մը մէջ կը դնէր տարբեր իրեր, ինչպէս՝ կոճակ, բանալի, ծամակալ եւ այլն։ Իւրաքանչիւր առարկայ ունէր իր տէրը, որուն անունը թուղթի վրայ գրուած էր։ Դոյլին մէջ մեծ մայրս ջուր կը լեցնէր, ապա իր պարտէզէն վարդերուն թերթիկները ջուրին մէջ կը դնէր, կափարիչը կը գոցէր եւ գունաւոր վզկապով դոյլը կը փաթթէր։ Յաջորդ առտու կանուխ, ընտանիքին իգական սեռի պատկանողները մեծ մօրս քով կը համախմբուէինք։ Բոլորս կը հաւաքուէինք դոյլին շուրջ, մեծ մայրս կաղօթէր, մաղթանքներ կընէր եւ Համբարձման բացումը կը կատարէր՝ ըսելով
Հայ համբարձում, համբարձում
Աղջիկներուն բան հարցում
Ամէն աղջիկէ պաք մը
Կըլլայ մը աշխարհք անցնում։

Տան ամուրի կամ նշանուած աղջիկը ձեռքը դոյլին մէջ դնելով առանց նայելու, առարկայ մը կը բռնէր, բռնած ատեն մեծ մայրս վիճակ մը կըսէր եւ այդ վիճակը այդ առարկային տիրոջը բախտը կըլլար։ Մեծ մօրս ըսած վիճակներուն կէսը հայերէն, կէսը թրքերէն, կէսն ալ Ուրֆայի բարբառ էր ան կը փորձէր լաւ վիճակներ ըսել, որպէսզի բոլորս ուրախ մնանք։
Վիճակ քաշելէն ետք դոյլին մէջի ջուրը մեր գլխին կը սրսկէր՝ իբրեւ Համբարձման օրհնութիւն ու ապա պարտէզը կը ջրէր։ Նախաճաշի ատեն մեծ մայրս կը պատմէր իր օրերուն Համբարձումին տօնակատարութեան մասին, թէ ինչպէ՛ս պարտէզ կերթային, Եփրատ գետին շուրջ կը հաւաքուէին, վիճակ կը քաշէին, կերգէին ու կը պարէին։
Պատմած ատեն մեծ մայրս կը փափաքէր, որ ես գրի առնէի սովորութիւններն ու վիճակները։
Նախորդ տարի մեծ մայրս արդէն սկսած էր մոռնալ վիճակները ,մենք էինք որ իրեն կը յիշեցնէինք։ Այս տարի Համբարձումը նախորդ տարիներուն պիտի չնմանի։ Կեանքը ու հայկական աւանդութիւնները սիրող մեծ մայրս հինգ ամիս առաջ մահացաւ ան ֆիզիքապէս բացակայ է, սակայն իր խօսքերը, պատմութիւնները, խրատները, Համբարձման վիճակները դրոշմուած են իմ մտքիս, սրտիս մէջ եւ թուղթերու վրայ
Անձրեւ կու գայ շողալէն
Ծառին ճիւղը դողալէն,
Իմ եարս ինձ մօտ կու գայ
Գեհլան (հրեղէն) ձինը խաղալէն։

Այս էր իմ վերջին Համբարձման վիճակս, զոր մեծ մայրս կարդաց անուշ ձայնով։
Սիրելի՛ նէնէ, թող հողը թեթեւ գայ վրադ եւ քու սիրած վարդերովդ շրջապատուած ըլլաս միշտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.