2010-05-12 14:04:54

Մարեմեան Խոկումներ

Թող ըլլայ ուզածդ


 Մարեմեան Խոկումներ

Թող ըլլայ ուզածդ

Ո՞վ չի ճանչնար Արս գիւղի ժողովրդապետը, այն սուրբ մարդը, որ իր գիւղը եւ շրջակայ բնակիչները Աստուծոյ դարձուց եւ մեռաւ սրբութեան համբաւով:

Այս մարդը երկու բաներու ջերմեռանդութիւն ունէր. Ս. Հաղորդութեան եւ Ս. Աստուածամօր: Այնպէս կը խօսէր այս երկու նիւթերու մասին, որ կը խանդավառէր լսողները եւ Յիսուսի եւ Ս. Կոյսին սիրով կը բորբոքէին:

Սուրբը իր ծառայութեան համար ունէր բարեպաշտ միամիտ այրի տիկին մը Կատարինէ անունով, որ վկան եղաւ մեծ շնորհքի մը, տրուած իր սուրբ վարդապետին:

Իրիկուն մը, սպասուհին կարծելով, որ ժողովրդապետը եկեղեցին է, առանց դուռը բախելու անոր սենեակը կը մտնէ շտկելու համար: Բայց հազիւ դուռը բացած, սեմին վրայ գամուած կը մնայ, յուզուած՝ առջեւը բացուած անակնկալ տեսարանէն: Սուրբ քահանան, պաշարուած տեսիլքի մը հրաշալի լոյսէն, մանկական պարզութեամբ կը խօսի իր երկնային այցելուհիին հետ:

Կատարինէ կը հասկնայ իր ըրած սխալը եւ կ’ուզէ ետ քաշուիլ, բայց չի կրնար. կարծես շղթայուած է անծանօթ ուժէ մը:

-Բարի մայրիկս, կ’ըսէր Արսի ժողովրդապետը, խնդրեմ առողջացուր այդ հիւանդը:

Ս. Կոյսը կը ծռի ու կը ժպտի.

-Շատ լաւ, թող առողջանայ:

-Շնորհակալ եմ բարի մայրիկս: Բան մը չես մերժեր ինծի: Խղճա՜ այդ անդարձ մեղաւորին վրայ. պարգեւէ իրեն այն անդիմադրելի շնորհքը, որ զինք Որդիիդ վերադարձնէ:

-Շատ լաւ, այնպէս թող ըլլայ:

-Ո՜հ, շնորհակալ եմ, բարի մայրիկս: Թոյլ տուր որ ուրիշ խնդրանք մըն ալ ընեմ: Ես աղքատ եմ եւ ոչինչ ունիմ ժառանգ ձգելու իմ պառաւ սպասուհիիս… Գոնէ առողջացուր զինքը, մահէս առաջ, զինք տանջող հիւանդութենէն:

Երրորդ անգամ ալ Ս. Կոյսը պատասխանեց:

-Այո, ուզածիդ պէս թող ըլլայ:

Ու տեսիլքը չքացաւ: Այն ատեն միայն քահանան Կատարինէն տեսաւ սեմին վրայ.

-Ինչպէ՞ս… հակառակ արգելքիս հո՞ս էիր:

-Բայց… չէի գիտէր եւ երբ ուզեցի ետ քաշուիլ, չկրցայ շարժիլ:

-Լաւ, ինչպէ՞ս ես հիմա:

-Բոլորվին առողջ եմ..

-Օրհնենք Մարիամը, ըսաւ քահանան, բայց երդում ըրէ որ մէկուն պիտի չպատմես այսօրուան տեսածդ ու լսածդ:

Կատարինէ երդում ըրաւ եւ հաւատարիմ մնաց իր խոստումին: Բայց երբ քահանային սրբադասման ատեանը բացուեցաւ, Եկեղեցին լուծեց անոր երդումը եւ ան ստիպուեցաւ նկարագրել այդ սքանչելի տեսարանը:

Դեռ ո՜վ գիտէ քանի՜ քանի՜ նման տեսարաններ կրկնուեցան Սուրբի կեանքի ընթացիքն, զորս պիտի գիտնանք միայն անդիի աշխարհին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.