2010-05-11 14:21:26

Մարեմեան խոկումներ


Դուն մոռցար զիս



Ս. Յովհաննէս՝ Աստուծոյ կոչուած երանելին, երիտասարդ հասակին, շատ ջերմեռանդ էր Տիրամօր, բայց զինուորական կեանքին հետեւելով, տկարացաւ իր հաւատքը, մարեցաւ բարեպաշտութիւնը:

Օր մը, մինչ զինոուրական վրաններուն քննութիւնը կ’ընէր, թշնամիներէն աւար առած սպանական ձին կատղեցաւ եւ, հակառակ Յովհաննէսի զինք կասեցնելու բոլոր ջանքերուն, կայծակի արագութեամբ սլացաւ եւ իր տէրը առաջնորդեց թշնամիներու բանակը եւ գետին տապալեց աւելի մեռած՝ քան կենդանի:

Կոտրած, ջախջախուած եւ մանաւանդ գերի բռնուելու վախէն տարուած, միտքն ինկաւ Ս. Աստուածամայրը եւ բոլոր սրտով օգնութեան կանչեց:

Այն ատեն, իրեն երեւցաւ ազնուական կին մը, որ զինք քաջալերեց, բուժեց մարմնոյն վէրքերը եւ զինք ազատեց թշնամիներու ձեռքը իյնալէն:

-Ո՞վ ես դուն, բարի Տիկին, որ հաճեցար օգնել ինծի, հարցուց զարմացած:

-Ես անիկամ եմ, որ դուն ժամանակին կը սիրէիր եւ յետոյ մոռցար զիս: Վերադարձիր իմ սիրոյս եւ բարեպաշտ կեանք մը վարէ: Աստուծոյ ճամբան բռնէ, ես հետդ եմ:

Յովհաննէս կարծես քունէն արթնցաւ, որոշեց թողուլ զինուորական ասպարէզը եւ ամբողջովին նուիրուիլ Աստուծոյ ծառայութեան:

Ապագային վանական վարդապետ եղաւ եւ ինքզինք նուիրեց անտէր հիւանդներու խնամքին, եւ հիմնադիրը եղաւ ”Բարիք ըրէք եղբայրներ” ՚(fate bene frateli) կոչուած Միաբանութեան, որ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի եւ կը գործէ հիւանդանոցներու մէջ: 








All the contents on this site are copyrighted ©.