2010-05-10 13:11:59

Մարեմեան խոկումներ


Իմ ամենափայլուն մարգարիտս՝ Ողջոյն քեզ Մարիամը

Եւա Լաւալիէր, հռչակաւոր դերասանուհին, որ իր համբաւով լցուցած էր Եւորպան եւ Ամերիկաները, եւ դիզած անբաւ հարստութիւն, օր մը առանձնացաւ մենատունի մը մէջ, աւելի լաւ պատրաստուելու համար, Ամերիկայի շրջապտոյտի առթիւ խաղաղլիք դերերուն:

Այդ գեղեցիկ տան մէջ ինք եւ ընկերուհի մը երբեմն կը հանդիպէին գիւղի ժողովրդապետին, որ օր մը հարցուց իրեն.

-Օրիրորդ, ինչո՞ւ պատարագի չես գար:

Եւա ժպտեցաւ եւ ըսաւ.

-Կը վախնամ, որ զիս դուրս վռնտես: Բայց եթէ թոյլատրես, կու գամ:

Եւ ահա, անկէ ետք, տօնական օրերուն գիւղացիները զարմանքով տեսան, որ Եւա Լաւարիէրը, որու անբարոյ կեանքը զինք սատանայի գործակիցներու կարգը դասած էր, եկեղեցի կ’երթար ու պատարագ կը տեսնէր…

Օր մը դերասանուհին ըսաւ ժողովրդապետին.

-Բարեկամուհիս կը փափաքի Հանդիսաւոր Հաղորդութիւն կատարել: Կը հաճի՞ք պատրաստել զինքը: Ես ալ պիտի ուզէի միասին հաղորդուիլ այդ օրը:

Ժողովրդապետը ապշած մնաց վայրկեան մը, բայց հաւանեցաւ:

Այսպէսով Եւա քանի մը անգամներ խոստովանեցաւ ու հաղորդուեցաւ:

Եւ ահա օր մըն ալ Ամերիկայի շրջապտոյտէն հրաժարեցաւ, լքեց ամէն բան, որ աշխարհի հետ կապ ունէր: Ծախեց մինչեւ իսկ իր Փարիզի պալատը եւ գինը բաժնեց աղքատներուն, իրեն պահելով միայն անհրաժեշտը:

Աշխարհի մարդիկ ծաղրեցին զինքը, վրան խնդացին, բայց ինք երջանիկ էր '' ի վերջոյ Աստուած գտած ըլլալուն համար'' եւ շուտով յառաջադիմեց քրիստոնէական կատարելութեան մէջ:

Ամէն օր ջերմ զգացումներով կը խօսէր Աստուածամօր հետ եւ առանց սուրբ վարդարան ըսելու չէր պառկէր:

Եւա այս ընթացքով հասաւ կեանքի վախճանին եւ աչքերը փակեց երկնային յոյսերով:

Դերասանուհիի մահէն ետք, բացին անոր ծոցատետրը եւ գտան հետեւեալ խօսքերը, որոնք գերբնական արժէք կը ներկայացնեն.

Գիտէ՞ք թէ ինչ է.

1-     Նախասիրած մարզանքս – Ծունկի մնալ եւ աղօթել:

2-     Նախասիրած աղօթքս – Թողութիւն, շնորհակալութիւն եւ սէր խնդրել:

3-     Նախասիրած զբաղմունքս – Խոկալ:

4-     Ամենափայլուն մարգարիտս – Վարդարանի պսակը:

5-     Հարստութիւնս – Գերեզմանը:

6-     Գաղափարականս – Յիսուս Քրիստոս:

7-     Վիշտս – Հարկ եղածին չափ զինք չսիրելս:

8-     Ո՞վ եմ ես – Փտելու ատակ որդ մը:

9-     Ո՞ւր է իմ ոյժս – Հաւատքիս մէջ:

10- Ո՞ւր է իմ կեանքս – Սիրելուս մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.