2010-05-09 09:31:41

Կիրակնօրեայ աւետարնական ընթերցում

կիրակի, մայիս 9, Զ կիրակի Յիսնակաց

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն Բարի Հովիւը։


Կիրակնօրեայ աւետարանական խորհրդածիութիւն պատրաստեց Հայր Թովմաս կարապետեան տեսուչ Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին RealAudioMP3

Կիրակնօրեայ աւետարնական ընթերցում

կիրակի, մայիս 9, Զ կիրակի Յիսնակաց

Ընթերցում Ս. Յովհաննէսի Աւետարանէն Բարի Հովիւը։



Ճշմարիտ, ճշմարիտ կըսեմ ձեզի, ան, որ դռնէ՛ն չի մտներ ոչխարներու փարախը մտնելու համար, այլ ուրիշ տեղէ մը մուտք կը գործէ հոն՝ գող է ան եւ աւազակ։

Մինչ ա՛ն է ոչխարներուն հովիւը, որ դռնէն կը մտնէ։

Դռնապանը՝ անո՛ր կը բանայ, եւ անոր ձայնին կը լսեն ոչխարները։ Իրենց անուններով կը կանչէ ան ոչխարները, եւ այնպէ՛ս դուրս կը հանէ ատոնք։

Արդ, իր բոլո՛ր ոչխարները դուրս հանելէ ետք, ինք անձա՛մբ կերթայ անոնց առջեւէն, եւ անո՛ր կը հետեւին ոչխարները, որովհետեւ անո՛ր ձայնը կը ճանչնան անոնք։

Պիտի չերթա՛ն օտարի մը ետեւէն, այլ պիտի փախչի՛ն անկէ, որովհետեւ օտարներու ձայնը՝ չե՛ն ճանչնար անոնք։

Յիսուս այս առակը պատմեց անոնց, բայց անոնք չհասկցան, թէ այդ խօսքերով ի՛նչ կուզէր ըսել անոնց։

Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց Ճշմարիտ, ճշմարիտ կըսեմ ձեզի, որ ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը։

Բոլոր անոնք, որ ինծմէ առաջ եկան՝ գողեր էին անոնք եւ աւազակ, բայց ոչխարները մտի՛կ չըրին անոնց։

Ե՛ս եմ դուռը, եթէ ինձմէ՛ ներս մտնէ մէկը՝ պիտի փրկուի պիտի մտնէ, պիտի ելլէ, եւ ճարակ պիտի գտնէ։

Գողը չի՛ գար, եթէ ոչ անո՛ր համար, որ գողնայ, սպաննէ, եւ կորուստի մատնէ, մինչ ես եկայ, որ կեա՛նքը ունենան, եւ աւելիո՛վ ունենան։

Ե՛ս եմ քաջ հովիւը, քաջ հովիւը՝ իր կեա՛նքն ալ կը զոհէ ոչխարներուն համար։

Մինչ վարձկանը՝ որ հովիւ չէ, եւ իրե՛նը չեն ոչխարները, երբ գայլը կը տեսնէ, որ կու գայ, հո՛ն կը թողու ոչխարները, կը փախչի, եւ գայլը կը յափշտակէ անոնք, ու կը ցրուէ,

քանի որ վարձկան է, եւ հոգ չ'ըներ ոչխարներուն համար։

Ես եմ քաջ հովիւը, ես կը ճանչնա՛մ անոնք, որ իմս են, եւ անո՛նք ալ կը ճանչնան զիս։

Ինչպէս որ Հա՛յրը կը ճանչնայ զիս, ե՛ս ալ այնպէս կը ճանչնամ Հայրը, եւ իմ կեա՛նքս կը զոհեմ ոչխարներուն համար։

Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ, որոնք այս փարախէն չեն, (սակայն) անո՛նք ալ հոս պէտք է բերեմ, (անո՛նք ալ) պիտի լսեն իմ ձայնիս, ու մէկ հօտ պիտի ըլլան, եւ մէկ հովիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.