2010-05-09 09:30:51

Լուրեր հայ Եկեղեցիէն


Լուրեր հայ Եկեղեցիէն

Իտալիոյ դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը 5 Մայիս 2010-ին, ընդունեց Իտալիոյ դեսպան՝ Կապրէլ Քէքիա-ն հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ(Պէյրութ) ։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր. ՜՜Լիբանանի ընդհանուր կացութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացքին համար, ինչպէս նաեւ վարչապետ Հարիրիի վերջին այցը՝ Իտալիա եւ Վատիկան՝՝։
Իտալիոյ դեսպանը նշեց համայն Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցապետերուն կարեւոր դերը, եւ անդրադարձաւ Իտալիոյ դրական ներդրումին Լիբանանի խաղաղութեան եւ համակեցութեան համար։
Ներկաները քննարկեցին նաեւ գործակցութեան նախագիծերը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Իտալիոյ դեսպանատան միջեւ։

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը կ'ընդունի Հայ Կաթողիկէ մամուլի մարմիններու պատասխանատուները։






 

Հինգշաբթի, 6 Մայիս 2010-ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը յատուկ ընդունելութիւն շնորհեց Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ մամուլի մարմիններու պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն` Լիբանանի մամուլի նահատակաց օրուան առիթով: Ընդունելութեան ներկայ եղան Պատրիարքական Թեմի ընդհանուր փոխանորդª Արհի. Հ. Վարդան Եպս. Աշգարեան, Զմմառու վանքի մեծաւորª Գերյ. Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Գեր. Հ. Վարդան Գազանճեան եւ Գեր. Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:

Այս առիթով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց գնահատականը` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ մամուլի դերակատարութեան, վերահաստատեց իր նախանձախնդրութիւնը` օժանդակելու այս մարզի զարգացումին եւ արժեւորելէ ետք լիբանանահայ կաթողիկէ մամուլի ձեռքբերումները, կոչ ուղղեց անոր պատասխանատուներուն եւ աշխատակիցներուն` իրենց աշխատանքին վերաբերելու որպէս առաքելութիւն` յանուն ընդհանուրի լուսաւորութեան:

Ընդունելութեան ներկայ խմբագիրներն ու մամուլի աշխատակիցները իրենց հերթին արծարծեցին լիբանանահայ կաթողիկէ մամուլի վերաբերող շարք մը հարցեր եւ կատարեցին առաջարկներ` ուղղուած անոր զարգացման: Ելոյթ ունեցողները անհրաժեշտ համարեցին կանոնաւոր հերթականութեամբ կայացնել մամուլի աշխատակիցներու հանդիպումներ` ընդհանուր խնդիրներու քննարկման համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.