2010-05-08 12:17:10

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը։

Շաբաթ 8 Մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց կարտինալ Ռէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։

Նախապէս Սրբազան Հայրը ընդունեց Պելկիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ նորին Սրբութիւնը վեր առաւ Պելկիայի եպիսկոպոսներու վերջերս հրապարակած շրջաբերական թուղթը ''հաւատքի գեղեցիկ դաւանանքը'' վերտառութեամբ։ Այս շրջաբերական թուղթին մէջ կը յայտնուի թէ հաւատքը չի կայանար լոկ ճշմարտութիւնները ու արժէքները ընդունելու մէջ, այլ ամէնէն առաջ պէտք է մէկու մը վստահիլ, Աստուծոյ վստահիլ, անսալ Անոր, սիրել Զինք, Անոր հետ խօսիլ եւ Իր ծառայութեան մէջ մտնել։

Ապա Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ երանելի Տամեանի մասին, ՜՜այս նոր սուրբը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Պելկիայի խիղճն է ու հոգին եւ ՜՜Օրինակ՝՝ բոլոր Աստուծոյ նուիրեալներուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը երախտապարտ ու քաջալերական ողջոյն մը ուղղեց Պելկիայի բոլոր քահանաներուն, յիշեցնելով անոնց թէ միմիայն Քրիստոս կարող է հանդարտեցնել փոթորիկները եւ սրտերուն պարգեւել ոյժ եւ քաջութիւն վարելու համար սուրբ կեանք մը։

Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակեց ողջունելով Պելկիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր անդամները, բոլորին երաշխաւորելով իր աղօթքն ու օրհնութիւնը։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Վրաստանի նախագահը։

Ուրբաթ 7 Մայիս 2010-ին, Սրբազան Հայրը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց տիար Սահակաշվիլին, որ յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար՝ կարտինալ Պերթոնէի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մանբերթիի հետ։ Այս հանդիպումները առիթ տուին շօշափելու երկկկողմանի հարցերը, հայող՝ Վրաստանի կեանքին ու մշակոյթի փոխանակումին, նոյնպէս ընդգծելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գարիթասի բերած նպաստը կարիքաւորներուն։ Հուսկ Կովկասի աշխարհամասի կացութեան մասին անդրադառնալով, բաղձանք յայտնուեցաւ որ հարցերը լուծուին երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբով։








All the contents on this site are copyrighted ©.