2010-05-07 13:41:20

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Քուայթի իշխանապետը Վատիկանի մէջ`

Խօսակցութեան նիւթը եղաւ ՜՜Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ փոքրամասնութեան իրավիճակն ու ճակատագիրը՝՝ ։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հետ 20 վայրկեան խօսակցելէ ետք Քուայթի իշխանապետը տեսակցութիւն ունեցաւ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար՝ կարտինալ Պերթոնէի եւ Վատիկանի արտգործ նախարար՝ Մամպերթիի հետ։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ու միջկրօնական երկխօսութեան նիւթերը։ Քուայթի իշխանը մատնանշեց քրիստոնեայ փոքրամասնութեան դրական նպաստը իր երկրին եւ հարկաւորութիւնը ընդառաջելու այդ փոքրամասնութեան կարիքներուն։ Քուայթի մէջ մահմետականութիւնը պետական կրօնք է եւ անոր օրէնսդրութեան աղբիւրը Շարիհան է։ Մահմետականները կը ներկայացնեն բնակչութեան 83 տոկոսը իսկ քրիստոնեաները՝ 13 տոկոսը մեծամասնութեամբ կաթողիկէ ։ Այցելութեան աւարտին Քուայթի իշխանապետը իր գոհունակութիւնը յայտնած է Վատիկան կատարած իր այս այցելութեան համար եւ Սրբազան Հօր նուիրած է երկու փոքր գորգեր եւ հին ձեռագիր մը։ Իսկ Սրբազան Քահանայապետը իշխանին տուած է իր քահանայապետութեան մետալը։

Զուիցերական Պահակագունդի 31 Նոր Թեկնածուներ Երդում Կատարեցին։

Պահակագունդի Հրամատանարին Խօսքը Նոր Թեկնածուներու Երդման Արարողութեան Ընթացքին։

Հինգշաբթի Մայիս 6ին առաւօտեան, Վատիկանի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ գոհաբանութեան պատարագ մատուցեց, մասնակցութեամբ՝ Զուիցերական պահակներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն։ Իր արտասանած քարոզին մէջ Կարտինալ Պերթոնէ ըսաւ Զուիցերական պահակագունդը յատկանշուած է իր տրամադրելիութեամբ Սրբազան Քահանայապետին ի սպաս։ Ան մօտէն կը հսկէ Սրբազան Պապին անձին, ասիկա սիրոյ ներգործութիւն մըն է հանդէպ Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ։ Մենք խորանին շուրջ համախմբուած ենք գոհութիւն տալու Ամենաբարին Աստուծոյ ձեր ցուցաբերած վեհանձնութեան համար, ինչպէս նաեւ երախտապարտ սրտով շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր անսակարկ նուիրումին համար։ Իմ աղօթքը կը բարձրացնեմ առ Աստուած ձեզի համար ինչպէս նաեւ քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի բոլոր ննջեցեալներուն համար։

31 թեկնածուներու երդման արարողութեան ընթացքին, Հրամանատար Տանիէլ Անրիկ, ողջունեց Սրբազան Քահանայապետին հանդարտ հանճարը, այս հանդարտութիւնն ու անդորրութիւնը կը հաղորդէ ոչ միայն մեզի որպէս իր պահակները այլ եւ համայն եկեղեցւոյ։ Անոր հանճարը կը հանդարտեցնէ բոլորը դժուար կացութիւններուն դիմաց։ Ասիկա մեզի համար մեծ օրինակ է, որպէզի մենք ալ սորվինք նոյնպէս հանդարտ մնալ դժուարութիւններուն դիմաց։ Հրամանատարը նաեւ իր խնդակցութիւնը յայտնեց ի տես ՜՜բարի դրացիութեան՝՝ իտալական ոստիկանութեան հետ, որոնց հետ յաճախ կը գործակցին։



Թաղման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւն կարտինալ Լուիճի Բոճճիի։ Կարտինալ Լուիճի Բոճճի մայիս 4ին վախճանեցաւ 93 տարեկանին։Հանգուցեալ կարտինալը նախապէս եղած էր Վատիկանի մատենադարանի ու դիւանի պատասխանատու։ Անոր մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 179 հոգի որոնց 107ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։

Կարտինալ Լուիճի Բոճճի ծնած էր 25 նոյեմբեր 1917 Իտալիոյ Բիաչենցա քաղաքը։ Յաճախած է քահանայապետական եկեղեցական կաճառը ու եղած՝ առաքելական նուիրակ բազմաթիւ երկիրներու մօտ։

Նորին Սրբութիւնը ցաւակցական հեռագիրին մէջ գնահատեց կարտինալ Բիոճճին որպէս գործօն գործակիցը Ս. Աթոռին. նախ որպէս առաքելական դեսպան եւ ապա Հռոմէական Եկեղեցւոյ դիւանապետ եւ մատենագէտ։ Որպէս քահանայ ան եղած էր եռանդուն սպասաւորը Աւետարանին։

Անոր թաղման եւ յուղարկաւորութեան կարգերը կը կատարուին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ , ուրբաթ օրը երեկոյեան ժամը 5,30ին, նախագահութեամբ Կարտինալ Սոտանոյի՝ գահերէցը կարտինալական դասին։ Նորին Սրբութիւնը խօսք կ'առնէ ծիսական արարողութեան աւարտին ։



Վատիկանեան տեղեկութիւններ

Քահանայապետական Անուանում

Հռոմ 6 մայիս 2010 Պենետիկտոս 16 քահանայապետը Հայր Կապրիելէ Ֆէրտինանտօ Պէնթոլիոն նշանակած է որպէս ենթաքարտուղար գաղթականներու եւ փախստականներու քահանայապետական խորհուրդին ։ Հայր Պէնթոլիոն կը կրէ նաեւ ընդհանուր գործակալի պաշտօն ''Սուրբ Շարլ Պորրոմէոի Միսիոնարներու Միաբանութեան''։ Միջազգային միաբանութիւն մը որ 1887 էն ի վեր աշխարհի 30 երկիրներու մէջ ծառայութիւն կը մատուցէ հանդէպ գաղթականներու եւ փախստականներու։ Հայր Պէնթոլիոն կը յաջորդէ գերապայծառ Նովաթուս Ռուկամպուային որ այս պաշտօնը վարած է 2007 էն ի վեր։

2010 ի փետրուարին գերապայծառ Ռուկամպուան նշանակուեցաւ Առաքելական Դեսպան Անկոլա եւ Սաօ Թոմէ է Բրէնսիբի։



Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերդի` վատիկանի արտգործ նախարարը Գուպա պիտի այցելէ

Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերդի Սուրբ Աթորի արտգործ նախարարը յառաջիկայ յունիսին պիտի այցելէ Գուպան մասնակցելու' կաթողիկէ ընկերային 10 րդ շաբթուայ բացման արարողութեան, որ տեղի պիտի ունենայ' հավանա յառաջիկայ յունիս 16 էն 20 – կը հաղորդագրէ Գուպայի եկեղեցին -։

Գերապայծառ Մամպերդին բանախօսութիւն պիտի տայ մայրաքաղաքի համալսարանին մէջ ''պետութիւնը եւ աշխարհականութիւնը'' Նիւթով ։ Շատ կարեւոր եւ այժմէական նիւթ մը' ընկերային մարզէն ներս. Այս շաբթուայ ընթացքին պիտի խօսուի նաեւ ՜՜երկխօսութեան եւ հաշտութեան անհրաժեշտութեան մասին Գուպայի քաղաքացիներու միջեւ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.